Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Մարսիլիոյ քաղաքապետը՝ Հայաստանի մէջ 

Պընուա Փայան այցելած է Հայ-ազերպայճանական սահմանային գիւղերը

Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայան՝ պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ Մայիս 2-ին ժամանած է Հայաստան։ Նոյն օրը դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ուղեկցութեամբ ան այցելած է Նախիջեւանի սահմանին գտնուող Խաչիկ գիւղը, ուր հանդիպում ունեցած է գիւղապետին հետ եւ այցելած տեղւոյն շտապօգնութեան կեդրոնը։

Քաղաքապետը այնուհետեւ այցելած է սահմանամերձ Պարոյր Սեւակ գիւղը եւ տեսակցած Արցախէն գաղթական ընտանիքի մը հետ։

Պընուա Փայան այս կապակցութեամբ X-ի իր հաշիւին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.

«Անսահման յուզում ապրեցայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին իմ այցելութեան ընթացքին, Խաչիկի առողջապահական կեդրոնին եւ Պարոյր Սեւակի՝ Արցախի գաղթականներու ընդունարանին մէջ։ Ես վերստին շեշտեցի հաստատակամութեամբ Մարսիլիոյ ամբողջական աջակցութիւնը այս սարսափելի հակամարտութեան զոհ բնակչութեան եւ անոնց օգնութեան համար ամէն օր աշխատող մարդոց։ Անոնց այդ զօրակցութիւնը արժանի է մեր ամբողջական յարգանքին եւ երախտագիտութեան։ Մարսիլիա յաւիտեանս հայ ժողովուրդը պիտի կրէ իր սրտին մէջ»։