Մինչ ընդառաջելով Իսրայէլի կոչերուն՝ ԱՄՆ-ու B-2 ռմբակոծիչները նոր թափ տալով Իսրայէլ–Պարսկաստան հակամարտութեան, հարուածեցին պարսկական երեք հիւլէական հարստացման կայանները, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոսանքն ի վեր թիավարեց մեկնելով Պոլիս, Հայաստան-Թուրքիա 1993-էն ի վեր խանգարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու, երկկողմ սահմանները բանալու, դիւանագիտական կապեր հաստատելու, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան լծորդ հանդիսանալու, արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ տնտեսական խաչմերուկ ըլլալու, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքերը ամրապնդելու նպատակով։
Անկախութենէն ի վեր, թերեւս երրորդ նախաձեռնութիւնն է Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու, առաջին երկուքը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Սերժ Սարգսեանի ատենօք, ձախողեցան։ Առաջինը՝ Արցախեան պատերազմի թէժ ատենն էր. հայկական յաղթանակներուն պատճառով Թուրքիա փակեց իր սահմանը։ Երկրորդը՝ 2009-ի Զիւրիխեան արձանագրութիւններն էին, որոնք ստորագրուեցան միջազգային մեծ պետութիւններու Արտաքին գործոց նախարարներու ներկայութեամբ, սակայն չկիրարկուեցան Ազերպայճանի բուռն հակադրութեան պատճառով։ Եւ մինչեւ այսօր, հակառակ Արցախեան հակամարտութեան աւարտին, եւ նոյնիսկ Արցախի կորուստին, սահմանները փակ կը մնան, որուն գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ Սիւնիքի միջանցքի ռուս սահմանապահներու վերահսկողութեամբ գործածութեան պահանջը, որուն կ՚ընդդիմանան Հայաստանի կառավարութիւնը, Պարսկաստան եւ Ֆրանսա։
Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացը սկսաւ 2022-ին գլխաւորաբար դրդումովը ԱՄՆ-ու, որու համոզումով՝ Թուրքիա-Միջին Ասիա հաղորդակցամիջոցներու հաստատումը պիտի առաջնորդէ հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան նուազումին։ Այս առումով Սիւնիքի ճանապարհային անցքը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ գործարկելու առաջարկը կը բախի Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի մերժումին, որովհետեւ այդպէսով Ռուսաստան պիտի կորսնցնէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ միջնորդ հանդիսանալու քաղաքական կարեւոր լծակը։
Հայաստանեան ներքին ճակատի վրայ՝ ռուսամէտ ընդդիմադիր ուժերը Փաշինեանի կառավարութեան Թուրքիոյ հետ մերձացումին, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու ռազմավարութեան հակառակելով եւ ամէն գնով իշխանութեան բռնի տապալումը թիրախաւորելով, կ՚աջակցին Սիւնիքի միջանցքը Ռուսաստանի վերահսկողութեան ենթարկելու տարբերակին, այսինքն՝ Հայաստանի տարածքի այդ հատուածին ինքնիշխանութենէն հրաժարումին։
Իսրայէլ-իրանական բախումները Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու յարաբերութիւնը փոխելու առիթ կը ստեղծեն։ Բարեբախտաբար, Իսրայէլ չյաջողեցաւ հասնիլ Պարսկաստանի վրայ ծրագրած յարձակումին իր նախատեսած ռազմական նպատակներուն գլխաւորին՝ տապալել Խամենէիի իշխանութիւնը եւ զայն փոխարինել իսրայէլամէտ կառավարութեամբ։ Ոչ ալ յաջողեցաւ քանդել հրթիռաշինութեան, ռազմարդիւնաբերութեան ու փաստօրէն ոչ իսկ իւրանիումի հարստացման գործատուները, քանի որ անոնց ռմբակոծումէն ետք հիւլէական շողաձակման վտանգ չյայտարարուեցաւ։ Իրանական կողմը նախօրօք ամերիկացիներու կողմէ տեղեկացուած էր յարձակման մասին։ Ինչպէս որ իրանական կողմը զգուշացուցած էր ամերիկեան բանակը, իբրեւ վրիժառութիւն՝ ԱՄՆ-ու ռազմակայաններու հրթիռակոծման մասին։
Հակառակ ԱՄՆ–Իրան թշնամութեան, դէպքերու ընթացքը ցոյց տուաւ երկու կողմերու անհաւատալի գործակցութիւն ու փոխհասկացութիւն, հակառակ Իսրայէլի սպասումներուն, որուն նպատակն էր ԱՄՆ-ն ներքաշել Իրանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի մէջ։ Թրամփ, առաջին անգամ ըլլալով խստօրէն քննադատեց Իսրայէլը, իր միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարը խախտելուն պատճառով։
Դեռ կանուխ է պատերազմի աւարտը կանխատեսելու համար։ Սակայն, Իրանի դիմադրականութիւնը եւ իր արտադրած հրթիռներով Իսրայէլին հասցուցած լուրջ վնասները ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի միջազգային օրէնքներէ վեր սանձարձակ գործելու իրաւունքին ու յաւակնութիւններուն վրայ։ Իրանի կայունութիւնը Հայաստանի համար ալ Ազերպայճանի հողային պահանջներուն դիմակայելու եւ ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու զօրաւոր ազդակ է։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։