Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանէն Թուրքիա ժամանած փրկարարները սկսած են իրենց աշխատանքը 

Փետրուար 8-ին Հայաստանէն Թուրքիա ժամանած 27 փրկարարներու ջոկատը Ատըեամանի մէջ սկսած է իր աշխատանքը։ 

Լուրին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։

Իսկ «Ակօս»-ի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան այս առումով կարեւոր քայլ համարած է Երեւանի որոշումը՝ «իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն՝ հեռու քաղաքական բոլոր կեցուածքներէ»։