Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանէն օժանդակութիւն՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը Դիմագիրքի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ «Աճնիհաթ Շամ» ընկերութեան օդանաւով Երեւանէն Հալէպ ղրկուած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ Հայաստան հաստատուած Սուրիահայերու կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար:

Մէկուկէս թոն օժանդակութիւնը կ՚ընդգրկէ մանուկներու յատուկ դեղորայք, կաթ, բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ, հագուստեղէն:

Դեսպանութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է օժանդակութիւն տրամադրողներուն եւ «Աճնիհաթ Շամ» օդային ընկերութեան՝ իրենց գործակցութեան համար: