Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին յայտարարութիւնները Պաքու գնահատած է իբրեւ «միջամտութիւն իր ներքին գործերուն»

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Փետրուար 16-ին աննախադէպ կեղծաւորութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարը մեղադրած է «իր ներքին գործերուն միջամտելու» մէջ, միայն այն պատճառով, որ Գրիգորեան արծարծած է Արցախի ապահովութեան հարցը։

Նախորդ օր Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հայկական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին յայտնած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚աշխատի Ազերպայճանի հետ խաղաղ համաձայնագրի նախագծի նոր տարբերակին վրայ եւ մօտ ապագային զայն կը յանձնէ Պաքուին։ Ան մատնանշած էր, որ «Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին մէջ ներառուած է՝ Ղարաբաղի մէջ բնակող Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան քննարկման համար միջազգային գործիքակազմ ստեղծելու մասին դրոյթը»։

Հաճիզատէի համաձայն՝ «հայկական կողմին այդպիսի խարդաւանքները, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան խաղաղ համաձայնագրին շուրջ բանակցային գործընթացին, անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ Հայաստան շահագրգռուած չէ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի»:

“Խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ «Ազերպայճանի՝ Ղարաբաղի տարածաշրջանը բնակող Հայերուն իրաւունքներու եւ ապահովութեան պաշտպանութեան համար միջազգային գործիքակազմ ստեղծելու» Հայաստանի նախաձեռնութիւնը եւ Ազերպայճանի ու Հայաստանի միջեւ հաշտութեան երկկողմ համաձայնագրի նախագծին մէջ նման դրոյթ ներառելու ջանքերը բացարձակապէս անհիմն են, եւ նման փորձերը որեւէ արդիւնք պիտի չտան։ Այդ ջանքերը կ՚ապացուցեն, որ Հայաստան տակաւին չէ հրաժարած Ազերպայճանի դէմ իր հողային պահանջներէն՝ հակասելով միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Փրակայի եւ Սոչիի պայմանագրերուն, որոնց համաձայն՝ երկու երկիրները փոխադարձաբար կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը”,– ըսած է Հաճիզատէ։ 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կրկին անգամ յիշեցուցած է Երեւանին, որ «Ղարաբաղը Ազերպայճանի անբաժանելի մասն է, եւ այդ տարածաշրջանին մէջ բնակող հայազգի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը կ՚ապահովուին Ազերպայճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն։ Հայաստանի միջամտութիւնը հայազգի բնակչութեան վերահամարկման գործընթացին,– որ Ազերպայճանի ներքին խնդիրն է,– անընդունելի է»,– ընդգծած է Հաճիզատէ։