Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 12-13-ին Մատենադարանի մէջ տեղի ունեցող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաժողովին, որուն պիտի մասնակցի 250 հոգի,– չէ հրաւիրած ՀՅԴ-ն եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Սոյն ժողովին համար Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկացուցած է 99 միլիոն դրամ։
Նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի իրագործած մեծածաւալ աշխատանքը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ 168.am-ը ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանէն հետաքրքրուած է՝ արդեօք ՀՅԴ-ն հրաւիրուա՞ծ է մասնակցելու այս ժողովին։
Ի պատասխան հարցումին՝ Գեղամ Մանուկեան նշած է.
«Ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը սոյն ժողովին չեն հրաւիրուած»։ ■