Global Firepower հրապարակած է 2023 տարուան ցանկը՝ ըստ երկիրներու բանակի հզօրութեան: Հրապարակման համաձայն՝ Հայաստան կը գրաւէ 94-րդ տեղը՝ 145 երկիրներու միջեւ։
Հայաստանի դրացի պետութիւնները կը գրաւեն աւելի բարձր դիրքեր. անոնցմէ ամենաբարձր դիրքին կը գտնուի Իրան, որ կը գրաւէ 17-րդ տեղը, Վրաստան՝ 85-րդ է, Ազերպայճան՝ 57-րդ: Առաջատար տէրութիւններու հնգեակը կը կազմեն՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Հնդկաստան: Թուրքիա 11-րդ է։