Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ կ՚ուղղէ զգուշանալու Հայաստանի սահմանամերձ որոշ շրջաններ, Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ այցելելէ։
Դեսպանութիւնը իր քաղաքացիներուն կը յորդորէ հեռու մնալ Հայաստան-Ազերպայճան բոլոր սահմաններէն եւ խուսափիլ Արցախեան հակամարտութեան գօտի ճամբորդելէ։ «ԱՄՆ-ու կառավարութիւնը չի կրնար շտապօգնութեան ծառայութիւն տրամադրել Ամերիկայի քաղաքացիներուն՝ Արցախի եւ անոր շրջակայքին մէջ, քանի որ հոն մուտքը արգիլուած է»,– նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ։