Արցախի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Յունուար 11-ին Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարուած է, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի քաղաքական բոլոր ուժերը։
Նիստին քննարկուած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր տեւող մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքները, այդ ուղղութեամբ վերջին օրերուն հնչած բարձր մակարդակի քաղաքական յայտարարութիւնները։ Առ այդ Ապահովութեան խորհուրդը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Շուրջ մէկ ամիս է, ինչ Ադրբեջանի գործող իշխանութիւնների լիակատար ու բացայայտ աջակցութեամբ մի խումբ այսպէս կոչուած “բնապահպան”-ներ փակել են Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը։ Նման գործողութիւններով ադրբեջանական կողմն Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեանը փաստացի զրկել է արտաքին աշխարհի հետ շփման միակ հնարաւորութիւնից՝ 120 հազար բնակչութիւնը թողնելով լիակատար շրջափակման մէջ՝ դրանից բխող մարդասիրական, առողջապահական եւ տնտեսական բոլոր հետեւանքներով հանդերձ։
Ադրբեջանի նախագահի՝ սոյն թուականի Յունուարի 10-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքում հնչեցրած մտքերը հերթական անգամ փաստեցին, որ այս ամէնը ոչ այլ ինչ է, քան Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում ուժի սպառնալիքի կիրառման ակնյայտ դրսեւորում, որը շարունակութիւնն է 2020 թ. Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդի դէմ Ադրբեջանի կողմից սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին:
Այս իրողութիւնների համածիրում, Հայաստանի վարչապետի՝ նախօրէին տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքում հնչեցրած մի շարք պնդումներ եւ տեսակէտներ առաջացրել են մտահոգութիւններ, քանի որ չեն համապատասխանում ինչպէս համազգային պայքարի գաղափարներին, այնպէս էլ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան եւ իշխանութիւնների որդեգրած դիրքորոշմանը:
Մենք գիտակցում ենք բոլոր այն հետեւանքները, որոնք բխում են մեր որդեգրած քաղաքական գծից եւ վերահաստատում ենք մեր դիրքորոշումն առ այն, որ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ պատմական հայրենիքում ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են: Որեւէ պարտադրանք կամ սպառնալիք չի կարող մեզ ետ պահել պայքարը շարունակելու մեր կայացրած որոշումից:
Ըստ այդմ, դիմում ենք միջազգային հանրութեանը` Ադրբեջանի կողմից ձեռնարկուած ահաբեկչական գործողութիւնները, ծրագրուող ցեղային զտումները եւ նախապատրաստուող նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու համար պատասխանատւութիւն ստանձնելու կոչով:
Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները վստահ են, որ աշխարահասփիւռ հայութիւնը կը շարունակի սատար կանգնել Արցախի իրենց քոյրերի եւ եղբայրների կայացրած որոշմանը, եւ Հայաստանի իշխանութիւններին յորդորում են առաջնորդուել բացառապէս Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններում առաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշմամբ` օգտագործելով միջազգայնօրէն ճանաչուած պետութեան բոլոր հնարաւորութիւններն ու ողջ գործիքակազմը»:
***
Աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ Փաշինեանի ո՞ր խօսքերը նման աղմուկի պատճառ դարձած են, տանք հետեւեալ բացատրութիւնը։
Վարչապետը Յունուար 10-ի մամլոյ ասուլիսին յայտարարած էր, թէ «Հայաստանի կառավարութիւնը չէ, որ պէտք է որոշի Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը եւ յարաբերութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքը պէտք է որոշի եւ պէտք է հաղորդակցութեան մէջ լինի, այդ թւում՝ Ադրբեջանի իշխանութիւնների հետ”։
Ան նաեւ ըսած է, թէ փաստացի այսօր ալ, երէկ ալ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը ընկալած է որպէս Ազերպայճանի մաս։ “Ես արդէն ասեցի, որ աշխարհում չկայ եւ չի եղել մի երկիր, որ Լեռնային Ղարաբաղը չճանաչի որպէս Ադրբեջանի մաս։ Չկա՛յ եւ չի՛ եղել։ Եւ մենք ունենք ընտրութիւն. դասաւորուել միջազգային զարգացմա՞ն տրամաբանութեան մէջ, թէ՞ հակառակ այդ տրամաբանութեան։ Երկուսն էլ ընտրութիւն է, բայց երկու ընտրութիւնն էլ ունի արդիւնքը եւ/կամ հետեւանքը։ Եւ մեր ընտրութիւնը պէտք է լինի դրա մէջ”։
Փաշինեան, սակայն, յստակ պատասխան չէ տուած լրագրողի մը հարցումին թէ՝ արդեօք Հայաստանի համար ընդունելի՞ է, որ Ղարաբաղ մաս կազմէ Ազերպայճանին։
Միջանկեալ աւելցնենք, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ալ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած է Փաշինեանի այս յայտարարութիւններուն։
Այս ամբողջին մէջ, ամէնէն կարեւոր, կիզիչ հարցը այն է, որ նո՛յն օրը, գրեթէ նո՛յն ժամերուն Ալիեւ ալ իր սարքած մամլոյ ասուլիսին ներկայացուցած է իր յստակ պահանջները, ի շարս այլոց՝ ընդգծելով, որ Պաքու անընդունելի կը համարէ Ստեփանակերտի հետ որեւէ ձեւի բանակցութիւն։ Ան բացէ ի բաց կրկնած է Արցախը վերջնապէս հայաթափելու իր ծրագիրը։
Այս հանգամանքներուն տակ է, դժբախտաբար, որ Արցախ կը յայտնուի մինակ, «լքեալ»-ի կարգավիճակի մէջ։