«Գանձասար»-ի դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք.
Փետրուար 8-ի միջօրէին Հալէպի միջազգային օդակայան հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարար ջոկատը, որուն մաս կը կազմէին 29 մասնագէտներ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Խումբը պիտի օժանդակէ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով Հալէպի անհրաժեշտ փրկարարական աշխատանքներուն։
Խումբը դիմաւորած են Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան եւ պետական պաշտօնատար անձինք։
Դեսպան Տիգրան Գէորգեան նշած է. “Հայաստան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին օգնութեան ձեռք մեկնելու, վարչապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցած ու ցաւակցութիւն յայտնած էր Սուրիոյ նախագահին։ Սա Հայաստանի օժանդակութեան առաջին գործնական արտայայտութիւնն է, այս գիշեր պիտի ժամանէ նաեւ Հայաստանի մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը”։
Հալէպի միջազգային օդակայանի տնօրէնն ու նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանի պետութեան ու կառավարութեան, դիտել տալով որ այս օգնութիւնը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին համար եւ կ՚արտայայտէ Հայաստան-Սուրիա պատմական յարաբերութիւններու կայուն ընթացքն ու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն երկար տարիներու բարեկամութիւնը։