Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայկական աշխարհը տարածաշրջանային պատերազմի բռնկումին դիմաց

Ռումբե­րու պայ­թումնե­րը կ՚որոտան Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ՝ տա­րածաշրջա­նային ու նոյ­նիսկ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի բռնկման սպառ­նա­լիք ստեղ­ծե­լով։ Իս­րա­յէլ-Իրան գո­յամար­տը ուղղա­կի կը խառ­նէ տե­ղական ու­ժե­րու բարդ աշ­խարհագ­րութիւ­նը։ Իսկ Հա­յաս­տա­նէն դի­տուած՝ Իրա­նը կեն­սա­կան տնտե­սական գոր­ծընկեր է եւ հիմ­նա­կան ճա­նապարհ դէ­պի հա­րաւ, դէ­պի Հնդկաս­տան, Չի­նաս­տան եւ Ծո­ցի եր­կիրներ։

Իրա­ն նաեւ կա­յու­նացնող գոր­ծօն է մա­նաւանդ Ազերպայճանի ռազ­մա­տենչ ծրա­գրե­րուն դէմ։ Ուստի, տա­րածաշրջա­նային պա­տերազ­մի մը  բռնկու­մը պի­տի ու­նե­նայ անվտան­գա­յին, տնտե­սական, ռազ­մա­վարա­կան, զի­նուո­րական, բնա­պահ­ական եւ այլ ծան­րակշիռ հե­տեւանքներ։

Ամե­նամեծ վտան­գը կը մնայ բնա­պահ­ական եւ առող­ջա­պահա­կան աղէ­տը՝ որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ եթէ Իրա­նի ու­րա­նիու­մի հարստաց­ման գոր­ծատու­նե­րը ռմբա­կոծու­թեան են­թարկուին, հիւլէակա­ն ճա­ռագայթնե­րու շո­ղար­ձա­կու­մի վտան­գին պատ­ճա­ռով։ Մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքով ար­գիլուած պա­տերազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն է նման յարձակում, սա­կայն Իրա­նի դէմ Իս­րա­յէլի միակող­մա­նի պա­տերազմ հռչա­կելուն գլխա­ւոր նպատակն էր սա, զոր ան չի կրնար իրա­կանաց­նել առանց իր դաշ­նա­կից ու պաշտպան՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու օգ­նութեան ու մի­ջամ­տութեան։

Ըն­կե­րային ցանցերու վրայ շրջող կարգ մը լուրերու հա­մաձայն՝ Իրա­նի դէմ անօ­դաչու սար­քեր արձակուած են Ազերպայճանէն, որ Իս­րա­յէլի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կիցն է եւ ուր վեր­ջինս ունի զի­նուո­րական ու ելեկ­տ­րոնա­յին վե­րահսկո­ղու­թեան կա­յան­ներ։ Եթէ այդ լուրերը ճիշդ են, Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րու ան­վտան­գութիւ­նը եւ պե­տակա­նու­թեան կա­յու­նութիւ­նը կրնան տու­ժել Իրա­նի հա­կայար­ձա­կման պա­րագա­յին։ Ազեր­պայճան կրնայ օգ­տա­գոր­ծել պա­տերազ­մա­կան իրավիճակը եւ ժա­մանա­կը պա­տեհ դա­տելով գրաւել Հա­յաս­տա­նի հա­րաւը՝ Սիւ­նի­քը, իրա­կանաց­նե­լու հա­մար Նա­խիջե­ւանին միա­նա­լու իր երա­զան­քը։

Հա­յաս­տա­նի հա­մար, Իրա­նի սահ­մա­նը կեն­սա­կան է Հնդկաս­տա­նէն գնուած զի­նամ­թերքի փո­խադ­րութեան հա­մար։ Չի­նաս­տա­նի, Ծո­ցի եր­կիրնե­րուն հետ առեւտրա­կան գոր­ծունէու­թիւն ծաւալելու կեն­սա­կան ու­ղի է։ Իրա­նի եւ Հայաստանի մտադ­րութիւ­նը միասնաբար տա­րեկան 3 մի­լիառ եւ­րո­յի տնտե­սական շրջա­նառու­թեան հասնիլն է։

Տա­րածաշրջա­նային ան­կա­յու­նու­թիւ­նը ուղղա­կի կը սպառ­նայ Հա­յաս­տա­նի կեն­սա­կան շա­հերուն. կ՚առաջնոր­դէ հա­ղոր­դակցութեան ուղի­ներու խա­փան­ման եւ երկրի կա­ռավա­րու­թեան ինքնիշ­խա­նու­թեան կո­րուստին.  ու­ժա­նիւ­թի իրա­նական աղ­բիւրէն զրկուիլ կը նշանակէ ստիպուած ապա­ւինիլ միայն ռու­սա­կան կա­զին ու քա­րիւ­ղին, ինչ որ աւելի՛ կախեալ կը դարձնէ Ռու­սաստա­նէն։

Տա­րածաշրջա­նային ան­կա­յու­նութիւ­նը կը վտան­գէ նաեւ 2020-ի պա­տերազ­մէն ետք Երե­ւանի մշա­կած նոր ռազ­մա­վարու­թիւնը որ կը մի­տի Արեւ­մուտքի, Իրա­նի, Ռու­սաստանի, Թուրքիոյ եւ աշ­խարհի մնա­ցեալ եր­կիրնե­րուն հետ հա­ւասա­րակշռեալ գոր­ծընկե­րու­թիւն հաստատել ու ազատ տնտե­սական դա­շինքներ կնքել, ապա­հովե­լու համար կա­յուն տնտե­սական աճ, որուն գլխա­ւոր շար­ժիչն է ար­հեստա­գիտու­թեան, տե­ղեկա­տւու­թեան, թուային գի­տու­թեան, ար­հես­տա­կան բա­նակա­նու­թեան զար­գա­ցու­մը։ Միայն կա­յուն եւ բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նը կրնայ ի վի­ճակի ըլ­լալ դի­մակա­յելու աշ­խարհա­քաղա­քական ցնցումնե­րուն՝ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թիւննե­րու բազմացման ու բազ­մա­զանաց­ման շնոր­հիւ։

Իս­րա­յէլ-Իրան պա­տերազ­մը ցոյց կու տայ ար­դիական աշ­խարհին մէջ նո­րա­րա­րու­թեան, նորարար ար­հես­տա­գիտու­թեան, ար­հեստա­կան բա­նա­կա­նու­թեան գոր­ծա­ծու­թեան հե­տզհետէ աւելի մեծ կա­րեւո­րու­թիւ­նը, թէ՛ պա­տերազմ մղելու, թէ՛ ալ նոր զի­նա­տե­սակ­ներ արտադրելու առու­մով։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տան յայ­տա­րարեց շատ կա­րեւոր հա­մաձայ­նութիւն մը՝ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան «Firebird» ամ­պա­յին ըն­կե­րու­թեան եւ NVIDIA-ի աջակցութեամբ՝ 500 մի­լիոն տո­լար արժողութեամբ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան գոր­ծա­տան մը կառուցման մասին, որ կը հան­դի­սանայ տա­րա­ծաշրջա­նի ամե­նամեծ նո­րարարա­կան ճար­տա­րագի­տական նա­խագի­ծը։

Պէտք է ըսել որ Իս­րա­յէլ-Իրան բա­խումը ուղղա­կի կը սպառ­նայ նաեւ սփիւռքին։ Իրա­նի եւ Իս­րա­յէլի հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու ան­դամնե­րը ինչպէս նաեւ անոնց անձնա­կան ու հա­մայնքա­յին ու­նե­ցուածքնե­րը մշտապէս վտանգի ենթակայ են։

Ժ.Չ. ■