Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հանդիպումներ Զարցանցի բաւիղներուն մէջ

Արեւմտա­հայե­րէնի վի­ճակը շատ վատ­թա­րացաւ Մի­ջին Արե­ւել­քի քա­ղաքա­կան յե­ղաշրջումնե­րուն պատ­ճա­ռով, երբ այնտեղ տե­ղայ­նա­ցած արեւմտա­հայա­խօս Հա­յու­թիւնը գաղ­թեց մէկ կող­մէն դէ­պի արեւմտեան ափե­րը, միւս կող­մէն դէ­պի ծո­ցի եր­կիրնե­րը, եւ եր­րորդ հա­տուած մըն ալ՝ Հա­յաս­տան։

Մի­ջին Արե­ւել­քի հայ­կա­կան աւան­դա­կան հա­մայնքնե­րու նօս­րա­ցու­մը արեւմտա­հայե­րէնի գոր­ծա­ծու­թեան առ­ջեւ դրաւ նոր մար­տահրա­ւէր­ներ։ Արեւմտա­հայե­րէնը կորսնցնե­լով հա­յախօս հա­մայնքնե­րու ամուր կռուան­նե­րը, կորսնցուց իր ու­սուցման, փո­խանցման աւան­դա­կան յե­նարան­նե­րը։ Անհրա­ժեշ­տութիւն ծա­գեցաւ լե­զուի փո­խանցման նոր հա­մակար­գի, նոր հա­յեցա­կար­գի, նոր կա­ռոյցնե­րու ստեղ­ծումին հա­մաշ­խարհայ­նացման ու Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թե­նէն Արե­ւելա­հայու­թեան զան­գուածա­յին ար­տա­գաղ­թով պայ­մա­նաւո­րուած։

Հաս­տա­տու­թե­նական առու­մով, միայն Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թիւնն (ԳԿՀ) է, որ 2014-էն աս­դին, արեւմտա­հայե­րէնի զար­գացման հնգա­մեայ ծրա­գիր մշա­կեց, որուն նպա­տակն էր՝ արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցու­մը, փո­խան­ցումը եւ իւ­րա­ցու­մը։ Լե­զուի կեն­սունա­կու­թիւնը պահ­պա­նելու հա­մար ման­կա­վար­ժա­կան ու մաս­նա­գիտա­կան ըն­դարձակ շրջա­նակի մը ներգրա­ւու­մը եւ դրա­մական մեծ մի­ջոց­նե­րու յատ­կա­ցու­մը այս գոր­ծին իրա­կանա­ցու­մին հա­մար գրա­ւականն են անոր լրջու­թեան եւ ան­դիւնա­ւէտու­թեան։

Այս ըն­թացքին ո՛չ եկե­ղեցին, ո՛չ կու­սակցու­թիւննե­րը, ո՛չ ալ բա­րեսի­րական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը նա­խատե­սեցին ու ծրագ­րե­ցին հա­յերէ­նի ու­սուցման ու փո­խանցման նոր հա­մակար­գի մը հաս­տա­տու­մը։ Բա­ցառու­թիւննե­րը յար­գե­լով, վեր­ջին երե­սուն տա­րինե­րու ըն­թացքին ան­հատներ եւ տե­ղական հա­մայնքներ են, որոնք նա­խաձեռ­նե­ցին եւ ստանձնե­ցին նոր դպրոց­ներ հիմ­նե­լու գոր­ծը։ Եղան նաեւ մտա­ւորա­կան­ներ, ու­սուցիչ­ներ, ան­հատներ որոնք նո­րարա­րական ման­կա­վար­ժա­կան ծրագ­րեր յղա­ցան։

Ի դէպ պէտք է անդրա­դառ­նալ կա­րեւոր այլ երե­ւոյ­թի մը եւս։ 1991-ին, Սո­վետա­կան Միու­թեան փլու­զումէն ետք, հե­տաքրքրա­կան է նկա­տել, որ Ան­կա­խու­թեան երե­սուն տա­րինե­րուն, Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Ռու­սաստան ու դէ­պի Արեւ­մուտք Հա­յաս­տանցի­ներու լայ­նա­ծաւալ ար­տա­գաղ­թին դի­մաց, բազ­մա­թիւ Արեւմտա­հայեր՝ մե­ծամաս­նա­բար Մի­ջին Արե­ւել­քէն ներ­գաղթե­ցին Հա­յաս­տան, եւ ցայ­սօր շուրջ 20.000-էն 30.000-նոց արեւմտա­հայ հա­մայնք մը գո­յացած է Երե­ւանի մէջ եւ շրջա­կայ­քը։ Բնա­կանա­բար ան կրնար շատ աւե­լի ստուարա­ծաւալ ըլ­լալ, եթէ եր­կի­րը կա­շառա­կերու­թե­նէ եւ ԽԾԲ (խնա­մի-ծա­նօթ-բա­րեկամ) յա­րաբե­րու­թե­նէ դուրս գար եւ զար­գացման առա­քինա­վար, ար­դա­րամիտ կա­ռավար­ման հա­մակարգ մը ըն­դունէր։ Նոյ­նիսկ արեւմտա­հայ այս հա­մայնքին լե­զուա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը պահ­պա­նելու հա­մար ո՛չ մէկ քայլ առ­նուած է, ո՛չ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ, ո՛չ ալ սփիւռքեան հա­մահայ­կա­կան կա­ռոյցնե­րու եւ կու­սակցու­թիւննե­րու, որոնք Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած են։ Սու­րիոյ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մին թէժ օրե­րուն, երբ Հա­լէպա­հայե­րու զան­գուածա­յին հոսք տե­ղի ու­նե­ցաւ դէ­պի Երե­ւան, Սու­րիահա­յերու յա­տուկ դպրոց մը բա­ցուե­ցաւ ու շու­տով գո­ցուե­ցաւ ան­հանդուրժո­ղու­թեան անյստակ պայ­մաննե­րու մէջ։

*  *  *

Արդ, լե­զուա­կան այս ճգնա­ժամա­յին հա­մապատ­կե­րին առ­ջեւ, ԳԿՀ-ի յղա­ցած ու նա­խաձեռ­նած ծրագ­րե­րը հետզհե­տէ աւե­լի ու աւե­լի նպա­տակաս­լաց դար­ձան։ Ան­ցեալ Հոկ­տեմբեր 16-ին, ԶՆՏՈՒԿ – առ­ցանց արեւմտա­հայե­րէն ման­կա­վար­ժա­կան աղ­բիւրնե­րու շտե­մարան-կայ­քէ­ջին պաշ­տօ­նական մեկ­նարկը տրուեցաւ, որ օգ­տա­կար է Սփիւռքի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցման տա­րատե­սակ կա­ռոյցնե­րու, ըլ­լա՛յ միօրեայ, ամէ­նօրեայ, ակումբա­յին թէ ըն­տա­նեկան։

Սա­կայն, նախ­քան ԶՆՏՈՒԿ-ի հիմ­նադրու­մը, կազ­մա­կեր­պուած էին զա­նազան մի­ջազ­գա­յին հա­մալ­սա­րանա­կան հա­ւաք­ներ, Փա­րիզ եւ Օքսֆորտ, մաս­նա­գիտա­կան փոր­ձա­ռական հա­ւաք­ներ Փոր­թուկա­լի, Ար­ժանթի­նի եւ ԱՄՆ-ու մէջ։ «Նոր Յա­ռաջ», իր էջե­րով օրը-օրին բազ­մա­թիւ ան­գամներ զե­կու­ցած է ԳԿՀ-ի ման­կա­վար­ժա­կան, ու­սուցո­ղական ու գրա­կան զա­նազան հան­դի­պումնե­րու բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին։ Նախ­քան ԶՆՏՈՒԿ-ի ծնունդը, լե­զուի իւ­րա­ցու­մի հիմ­նա­րար նա­խաձեռ­նութիւն էր ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ի ամառ­նա­յին ճամ­բա­րի ստեղ­ծումը, որ երեք տա­րի շա­րու­նա­կական կեր­պով գոր­ծեց ու կա­տարե­լագոր­ծուեցաւ։ Չո­րորդ ու հին­գե­րորդ տա­րինե­րուն ծրա­գիրը պատ­րաստուեցաւ, սա­կայն չի­րակա­նացաւ պսա­կաձեւ ժահ­րին պատ­ճա­ռով։ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը չի­րակա­նացաւ, սա­կայն փո­խակեր­պուեցաւ ԶԱՐ­ՑԱՆՑ-ի։

ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը ամ­ռան՝ Յու­լիս-Օգոս­տո­սի շրջա­նին, մէկ ամ­սուան հա­մար աշ­խարհի տար­բեր ծա­գերէն պա­տանի­ներ, երի­տասարդներ եւ ու­սուցիչ­ներ հա­մախմբող ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, նո­րարա­րական, ման­կա­վար­ժա­կան զա­նազան աշ­խա­տանոց­ներ կազ­մա­կեր­պող, արեւմտա­հայե­րէնի կեն­սունա­կու­թիւնը պրպտող ու ծրագ­րող, այ­լա­զան մի­ջոց­ներ ի յայտ բե­րող ծրա­գիր մըն է, որ կ՚իրա­կանա­նայ ամառ­նա­յին ճամ­բա­րով։ Այս առ­թիւ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ի կրթա­կան մար­մի­նը ձե­ւաւո­րուե­ցաւ. ան եւս աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րէ ի մի եկած՝ զա­նազան ձիր­քե­րու տէր ար­հեստա­վարժ ու­ղե­կից­նե­րով, որոնք լծուեցան լե­զուն, արեւմտա­հայե­րէնը նո­րովի գոր­ծա­ծելու տար­բեր եղա­նակ­ներ որո­նելու գոր­ծին, հե­ռու դա­սաւան­դութեան աւան­դա­կան եղա­նակ­նե­րէ։

ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը հա­յերէ­նախօ­սու­թեան շուրջ կազ­մա­կեր­պուած ամառ­նա­յին ճամ­բար է։ Ճամ­բար որուն կազ­մա­կեր­պումին, ծրագ­րումին առանցքը կը կազ­մէ՝ մաս­նա­կից­ներ ըն­դունե­լու կար­գին՝ հա­յերէ­նը ստեղ­ծա­րար մթնո­լոր­տի մէջ գոր­ծա­ծելու խնդի­րը, հա­յերէ­նով կեան­քը ապ­րե­լու առի­թի ըն­ծա­յու­մը։ Կա­րենալ ամիս մը ապ­րիլ, աշ­խարհը ըն­կա­լել հա­յերէ­նով։ Ճամ­բար մը, ուր մա­նուկնե­րը, պա­տանի­ները կը մտնեն իրենց տնա­յին կամ դպրո­ցական հա­յերէ­նով եւ դուրս կու գան հա­ճոյ­քով հա­յերէ­նով հա­ղոր­դակցե­լու, մտա­ծելու, խա­ղալու մի­ջոց­ներ ձեռք բե­րած, հա­յերէ­նով ար­տա­յայ­տուելու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու փոր­ձեր կա­տարած, հա­յերէն լե­զուի զա­նազան՝ խօ­սակ­ցա­կան, գրա­կան, գի­տական, գե­ղարուես­տա­կան… մա­կար­դակնե­րու հա­ղոր­դա­կից դար­ձած։ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ ճամ­բա­րը երեք տա­րիէ ի վեր դար­ձած էր այն եզա­կի վայ­րը, ուր աշ­խարհի չորս ծա­գերէն մա­նուկներ պա­տանի­ներ ու չա­փահաս ու­ղե­կից­ներ միաս­նա­բար ստեղ­ծած էին այն տար­րա­լու­ծա­րանը, ուր շատ հե­տաքրքրա­կան փոր­ձարկումներ կը կա­տարուէին արեւմտա­հայե­րէն լե­զուի կեն­սունակ իւ­րա­ցու­մին շուրջ։

ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը ծնունդ տուաւ ԶԱՐ­ՑԱՆՑ-ին, պսա­կաձեւ ժահ­րին պատ­ճա­ռով, երբ ան­կա­րելի դար­ձաւ ֆի­զիքա­կան մաս­նակցու­թիւն՝ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ ճամ­բա­րին։ Պէտք էր խոր­հիլ ու կազ­մա­կեր­պել այլ մի­ջոց մը, հնարքներ որո­նել իրա­կանաց­նե­լու հա­մար ԱՌ­ՑԱՆՑ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը, որ կո­չուե­ցաւ ԶԱՐ­ՑԱՆՑ։ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ի ըն­թացքին իրա­րու հետ ըն­կե­րացած պա­տանի-երի­տասարդնե­րը եր­կու տա­րի շա­րու­նակ առանց կապի ձգե­լը ափ­սոս էր։ Ըն­կե­րու­թիւննե­րը ամ­րապնդե­լու հա­մար պէտք է բո­լոր մի­ջոց­նե­րը ներդնել, մա՛նա­ւանդ ներ­կայ թուային աշ­խարհին մէջ, ուր առ­ցանց հան­դի­պումնե­րը պայ­մաննե­րու բե­րու­մով կը փո­խարի­նեն ֆի­զիքա­կան հանդի­պումնե­րը։ Այսպէ­սով ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-ը փո­խարի­նուե­ցաւ ԶԱՐ­ՑԱՆՑ-ով։

Տե­ղեկա­տուա­կան աշ­խար­հի ար­հեստա­գիտու­թեան կա­րելիու­թիւննե­րը բազ­մա­զան են, կը բա­ւէ որ ճիշդ ան­ձը գտնուի, որ հնարքնե­րով կը յայտնա­բերէ ու լու­ծումներ կը գտնէ ան­կա­րելին կա­րելի դարձնե­լու հա­մար։ Այսպէս՝ ԶԱՐ­ՄԱ­ՆԱԶԱՆ-էն ԶԱՐ­ՑԱՆՑ ան­ցումը տե­ղեկա­տուա­կան ար­հես­տա­գիտու­թեան մեծ ոս­տում էր։ Ո՛չ ոք կը հա­ւատար որ՝ նման ան­ցում հնա­րաւոր է։ Ստեղ­ծել հար­թակ մը 80-էն 100 մաս­նա­կիցի հա­մար, որոնք տա­րածուած են աշ­խարհի 14 եր­կիրնե­րու մէջ, որոնք ու­նին եր­բեմն ժա­մային կի­սօրեայ (12 ժա­մուան) տար­բե­րու­թիւն, կազ­մա­կեր­պել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանոց­ներ, հան­դի­պումներ, զրոյցներ, տե­սանիւ­թեր, խա­ղեր, երա­խանե­րով՝ երա­խանե­րուն հա­մար։ Այս առու­մով, պէտք է շնոր­հա­ւորել ԶԱՐ­ՑԱՆՑ-ի ար­հեստա­գիտա­կան բաժ­նի ճար­տա­րապե­տը՝ Վա­հագն Քէ­շիշեանը։ Կա­տարա­ծը հրա­շալի է։ ԶԱՐ­ՑԱՆՑ-ը իս­կա­կան լա­բիւ­րինդոս մըն է, որուն մէջ երբ ոտքդ դնես՝ կը հմա­յուիս, կը տա­րուիս, աշ­խա­տանո­ցէ-աշ­խա­տանոց կ՚ոս­տոստես, գլխապ­տոյտ տուող յայ­տագրի մը ճիւ­ղա­ւորումնե­րուն մէջ, երբ Ֆրան­սա­յի ժա­մով 13-ն է, Փոր­թուկա­լի ժա­մով 12-ը, Մի­ջին Արե­ւել­քի՝ Լի­բանա­նի, Սու­րիոյ, Թուրքիոյ՝ 14, իսկ ԱՄՆ-ու արե­ւելեան ափը կամ Ար­ժանթին՝ առ­տուան ժա­մը 8-ն է։ Օրուան աշ­խա­տանոց­նե­րը ե՞րբ կը սկսին, ե՞րբ կը դադ­րին, կազ­մա­կեր­պիչնե՛րը գի­տեն։ Իսկ մաս­նա­կից­նե­րը՝ իւ­րա­քան­չիւրը ըստ իր բնա­կած երկրին՝ ու­նին իրենց ժա­մերը, ընտրու­թիւն կը կա­տարեն, իրենց նա­խընտրած աշ­խա­տանոց­նե­րուն կ՚ար­ձա­նագ­րուին։ Զի­րար բա­րեւե­լու, բա­րի լոյս ըսե­լու զոյգ պա­հեր կան, ըստ աշ­խարհա­մասին։ Իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից բա­րի լոյս ըսե­լու իր եղա­նակը կ՚ընտրէ տե­սանիւ­թով մը, նկա­րով մը, խօս­քով մը…։ Փառք տանք ար­դի խե­լախօս­նե­րուն, որոնց մի­ջոցով կա­րելի է արե­ւածա­գը նկա­րել, առ­տուան նա­խաճա­շի սե­ղանը, անու­շը, կա­րագը, հա­ցի պա­տառը, որ նախ­քան բե­րան մտնե­լը կ՚աւե­տեն առա­ւօտը… եւ կամ՝ հա­յելիի առ­ջեւ մազ սանտրե­լը, կամ պա­րապ ան­կո­ղինը, տա­կաւին չկո­կուած… Այսպէս, առա­ւօտը, օրուան սկիզ­բը պատ­կե­րելու բազ­մա­թիւ մի­ջոց­ներ կան, բո­լորն ալ առիթ են առցանց կապեր ստեղ­ծելու, համայնքի մը անդամները իրարու հա­ղոր­դակից դարձնելու։

Յե­տոյ, կը սկսին աշ­խա­տանոց­նե­րը, որոնց անուանումն ու բո­վան­դա­կու­թիւնը ինքնո­րոյն են, մա­նուկնե­րու երե­ւակա­յու­թեամբ կնքուած՝ «հա­մով-հո­տով», «Չա­փագի­տաս­տան», «նկար // ու // չկար», «Եկէ՛ք խզբզենք», «կրկնան­կար», «մար­դա­գայլ»…

Կան նաեւ աշ­խա­տանոց­ներ, որոնք կը հա­մախմբեն բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, նոյ­նիսկ ծնող­նե­րը կրնան մաս­նակցիլ, ինչպէս Պայ­թո­ցարա­նը՝ տե­սակ մը հար­թակ, որ կը ղե­կավա­րուի Սե­ւանա Չաք­րեանի եւ Վա­հան Քե­րով­բեանի կող­մէ, ուր օրուան ընտրուած թե­մային շուրջ զրոյցներ, փոր­ձարկումներ, ներ­կա­յացումներ, աշ­խա­տանոց­նե­րու ցու­ցադրու­թիւններ կը կա­տարուին…

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» ■