Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատած է Երեւանի մէջ Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնին վայրը

ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ պաշտօնապէս հաստատուած է «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» հիմնադրամի եւ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի  համագործակցութեամբ յառաջիկային Երեւանի մէջ ստեղծուելիք Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնին վայրը:

«Զանգուածային հայրենադարձութիւնը համարելով Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւն եւ գիտակցելով այն դժուարութիւնները, որոնց կը բախին մեծ թիւով հայրենադարձներ, Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը նախաձեռնած է այս ծրագրին՝ նպատակ ունենալով խթանել եւ դիւրացնել հայրենադարձներուն համարկումը հայաստանեան հասարակական կեանքին մէջ:

Իբրեւ աջակցութիւն այս նախաձեռնութեան՝ “Հրայր եւ Աննա Յովնանեան” հիմնադրամը անվճար հիմունքներով պիտի տրամադրէ աւելի քան 300 քառակուսի մեթր տարածք կեդրոնին գործունէութեան համար»,– յայտնած են յանձնակատարի գրասենեակէն։

“Մենք երախտապարտ ենք «Յովնանեան» հիմնադրամին հետ այս համագործակցութեան համար եւ անհամբեր կը սպասենք համատեղ աշխատանքներուն”,– նշած է Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, աւելցնելով.- “«Յովնանեան» հիմնադրամը ոչ միայն տարիներով լայնածաւալ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ հովանաւորած է այն կազմակերպութիւնները, որոնք տեւաբար խթան հանդիսացած են հայրենադարձութեան գործընթացին”։

«Մինչեւ Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնի պաշտօնական գործարկումը, Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել հայրենադարձութեան գործընթացին հետ կապուած որեւէ հարցի կամ մտահոգութեան պարագային»,– հաղորդած են գրասենեակէն: