Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հնագէտները յայտնաբերած են Հայաստանի ամենահին եկեղեցին

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Գերմանիոյ Միւնսթերի համալսարանի հնագէտները Հայաստանի հնագոյն Արտաշատ քաղաքին մէջ յայտնաբերած են նախապէս անծանօթ վաղ քրիստոնէական եկեղեցիի մը մնացորդները։

Գտածոն ութանկիւն շինութիւն մըն է՝ խաչաձեւ ընդարձակումներով։ Գիտնականներու խումբը պեղած է եկեղեցւոյ մէկ մասը եւ զայն ուսումնասիրած՝ օգտագործելով երկրաֆիզիքական մեթոտները:

“4-րդ դարու շինութիւնը երկրի հնագիտօրէն փաստագրուած ամենահին եկեղեցին է, որ կը ներկայացնէ վաղ քրիստոնէութեան զգայացունց ապացոյցները Հայաստանի մէջ”,– ըսած է Միւնսթերի համալսարանի դասախօս Ախիմ Լիխթենպերկեր:

“Ութանկիւն եկեղեցիները այստեղ ցայժմ անծանօթ էին, բայց մեզի շատ ծանօթ է Արեւելեան միջերկրականեան տարածաշրջանէն, ուր անոնք առաջին անգամ յայտնուած են 4-րդ դարուն”,– աւելցուցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դոկտոր Մկրտիչ Զարդարեան: