«Ազատութիւն» լրասփիւռի դիւանագիտական աղբիւրներուն համաձայն՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները Ապրիլ 14-ին Լիւքսեմպուրկի մէջ կայացած հանդիպման շրջանակին մէջ, անդրադարձած են հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն։
Քննարկման գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղած է ԵՄ-ի Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ յատկացնելու առաջարկը, որ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու յանձնակատար Քայա Գալլաս անցեալ ամիս ներկայացուցած էր ԵՄ-ի խորհուրդին։ Ազերպայճանի նախագահին հետ սերտ յարաբերութիւններով ծանօթ Հունգարիա, սակայն, օգտուելով իր վեթոյի իրաւունքէն, արդէն վեցերորդ շաբաթն է՝ արգելք կը հանդիսանայ սոյն առաջարկին։
Հունգարիա նոյն ձեւով վարուած էր նաեւ անցեալ տարի, երբ ԵՄ-ը առաջին անգամ սկսաւ քննարկել Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու հարցը։ Այն ատեն այդ երկիրը պահանջած էր, որ ծրագրին մէջ ներառուի նաեւ Ազերպայճանը։ Շաբաթներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէ ետք, սակայն, եւրոպացի դիւանագէտները յաջողած էին յաղթահարել Պուտափեշթի դիմադրութիւնը:
«Այսօրուան բանակցութիւններէն ետք տակաւին որեւէ յառաջխաղացք չէ արձանագրուած»,– հաղորդած են «Ազատութիւն» լրասփիւռի աղբիւրները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։