Տեառնընդառաջի տօնի նախօրեակին, Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին, Հռոմի Փրանկիսկոս պապը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Ռափայէլ Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքը հաստատած են եկեղեցական ամբողջական հաղորդութիւնը։
Հռոմի սրբազան քահանայապետը 2021 թուականի Սեպտեմբեր 23-ի կոնդակով հաստատած էր Հռոմի եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին եւ անոր նուիրապետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ սուրբ հաղորդութիւնը:
Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն՝ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը իր ընտրութեան օրը քահանայապետին ներկայացուցած է հաւատացեալներուն հաղորդութիւն շնորհելու խնդրանքը: