Ապրիլ 24-ին, Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան մասնակցած է Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով մատուցուած պատարագին։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի բակը տեղադրուած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած խաչքարին մօտ։ Ներկայ եղած են Լեւոնեան վարժարանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Մխիթարեան, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ՝ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՄԱՍԻՆ
Ապրիլ 26-ին, Վատիկանի Ս․ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած աւանդական գլխաւոր ունկնդրութեան ընթացքին, Փրանկիսկոս Պապը մասնաւորապէս անդրադարձած է Գրիգոր Նարեկացիին՝ զայն անուանելով համընդհանուր համերաշխութեան թարգման։
Խօսելով «Մատեան ողբերգութեան» աղօթքներու ժողովածուին մասին, Պապը յայտնած է, թէ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հայ վանական մըն էր, որ մեզի թողուց աղօթքի գիրք մը, որուն մէջ ձուլուեցաւ հաւատքը հայ ազգին՝ քրիստոնէութիւնը ողջագուրող առաջին ազգին։ Ազգ մը, որ Քրիստոսին խաչը ամուր բռնած շատ չարչարուեցաւ պատմութեան ընթացքին»։
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուած է, որ Սուրբ Գրիգորը իր համայն կեանքը ապրեցաւ Նարեկի վանքին մէջ, ուր սորվեցաւ ուշադրութեամբ զննել մարդկային հոգիին խորքը, եւ աղօթքն ու բանաստեղծութիւնը միաձուլելով, հասաւ թէ՛ հայ գրականութեան, թէ՛ հայ հոգեւորականութեան գագաթնակէտին։
«Վատիկան Նիուզ», Նարեկացիի մասին Հռոմի Պապին խօսքը սփռած է շուրջ չորս տասնեակ լեզուներով, այդ կարգին արեւմտահայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, փորթուկալերէնով, ռուսերէնով։