Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Փրանկիսկոս պապին՝ օտար դիւանագէտներու հետ Յունուար 9-ին ունեցած տարեկան հանդիպումին, Նորին Սրբութիւնը իր ելոյթին անդրադարձած է տարբեր տարածաշրջաններու մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն։
«Յատկապէս կը խորհիմ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան մասին։ Կողմերուն կոչ կ՚ընեմ յարգելու հրադադարը եւ կը վերահաստատեմ, որ ռազմագերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ այնքան փափաքելի խաղաղութեան համաձայնագրին համար»,– նշած է Սրբազան քահանայապետը։