Փետրուար 22-ին, Լա Հէյի միջազգային ատեանը հրապարակած է Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ որոշումը, ուր նշուած է, թէ Ազերպայճան պարտաւոր է ապահովելու Բերձորի միջանցքով անխափան երթեւեկը՝ երկու ուղղութեամբ։
Տարօրինակ ու ցաւալի է սակայն, որ Ատեանը մերժած է ընդառաջ երթալ Հայաստանի մէկ այլ պահանջին՝ կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման վերաբերեալ, որովհետեւ ապացուցուած չէ համարուած, որ խափանումները տեղի կ՚ունենան Ազերպայճանի կողմէ:
Հարցը հոն է, որ հայկական կողմը չի կրնար շօշափելի ու ամբողջական ապացոյց ներկայացնել այդ մասին, քանի որ ընդհանրապէս մուտք չունի Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, ի շարս որոնց՝ Արցախի կենսական ենթակառոյցներուն վնաս հասցուած վայրեր:
Ատեանը մերժած է Ազերպայճանի պահանջը
Նոյն օրը, Արդարադատութեան միջազգային ատեանը մերժած է Հայաստանի դէմ առժամեայ միջոցներ կիրարկելու Ազերպայճանի պահանջը։ Որոշումին մէջ նշուած է, թէ Ազերպայճան ատեանին չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն, թէ ականներու հետ կապուած Հայաստանի ենթադրեալ վարքագիծը նպատակ ունի խաթարելու ազերպայճանական ծագում ունեցող անձանց իրաւունքները:
Ատեանը եզրակացուցած է, որ Կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածով նախատեսուած առժամեայ միջոցներու կիրարկման պայմանները լրացուած չեն: