Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Մարտ 31-ի իրիկունը, Հայաստանի հարաւարեւելեան սահմանագօտիին մէջ ցած տեսանելիութեան պայմաններու տակ հայ զինուորներու միջեւ թիւրիմացաբար տեղի ունեցած է հրացանաձգութիւն։ Այդ ընթացքին կրակոցներ հնչած են նաեւ ազերպայճանական կողմէն։ Միջադէպէն ետք յայտնաբերուած է հայ զինուորի մը մարմինը։ Ուրիշ զինուոր մըն ալ վիրաւորուած է։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած, թէ արդեօք ազերպայճանակա՞ն կողմի կրակոցներէն զոհուած է հայ զինուորը։ Միայն նշուած է, թէ դէպքին հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի։