«Հայկական կողմը կը չարաշահի Լաչինի միջանցքին հարցը»
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու փոխքարտուղար Քարէն Տոնֆրիտի հետ։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ կողմերը քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններու հեռանկարները։
Պայրամով իր խօսակցին յայտնած է, թէ եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ Ազերպայճան կ՚երաշխաւորէ քաղաքացիներու, երթեւեկի միջոցներու եւ բեռներու ապահովութիւնը՝ Լաչինի (Բերձոր) ճանապարհին։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ հայկական կողմը կը չարաշահի Լաչինի ճանապարհը՝ զայն օգտագործելով իր անօրինական տնտեսական գործունէութեան, հայ զինուորականներու հերթապահական փոխարինումներուն, ականներու փոխադրութեան համար։ Բացի ատկէ, Պայրամով նշած է, որ Լաչինի ճանապարհին ցուցարարներու օրինական պահանջները տակաւին չեն իրագործուած, աւելցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ իբրեւ թէ «լարուած մարդասիրական իրավիճակ»-ի մասին պնդումները որեւէ հիմք չունին։ Նախարարը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն երեւոյթին վրայ, որ Հայաստան «խաղաղութեան պայմանագրի բանակցային գործընթացին մէջ խարդաւանանքներու կը դիմէ»։