Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8-ին, Սկովտիոյ Պալմորալ դղեակին մէջ, 96 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.։
Ան, ամէնէն երկար ժամանակ գահակալած միապետերէն էր՝ 70 տարի։ Զինք պիտի փոխարինէ 73-ամեայ որդին՝ իշխան Շառլ, որ այսուհետեւ կը ստանայ «Արքայ Շառլ Գ.» տիտղոսը։
Երկրին մէջ 10-օրեայ սուգ հռչակուած է։