Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հակադարձած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահի ստայօդ յայտարարութիւններուն

Այս օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Ղազիներու խորհուրդի նիստին՝ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ, ստանձնելով ազերպայճանական կեղծիքի քարոզչութեան տարածման դերը, անգամ մը եւս ատելութեամբ ու թշնամանքով թիրախաւորեց Հայ ժողովուրդն ու Հայ եկեղեցին։

Կեղծիքի տարածման մէջ ինքզինք գերազանցելով՝ Փաշազատէ յայտարարեց, որ իբրեւ թէ Հայաստանի ու տարածաշրջանին մէջ տասնեակ դարերէ ի վեր գործող հայկական սրբավայրերը, նոյնիսկ 1700-ամեայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը, կը գտնուին «պատմական ազերպայճանական հողերու» վրայ, եւ հայերը իբրեւ թէ «իւրացուցած են» այդ տարածքները։ Փաշազատէ անհեթեթ պնդումներու շարքը կ՚եզրափակէ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին ներկայացնելով իբրեւ սպառնալիք տարածաշրջանի երկիրներուն համար։

Ծիծաղելի է, որ Խորհրդային իշխանութիւններու ազգակերտման հետեւանքով 1930-ական թուականներու երկրորդ կէսին «ազերպայճանցի» ցեղանունը ստացած ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդը կը փորձէ վիճարկել պատմականութիւնը հայ ժողովուրդի, որուն հազարամեակներու ստեղծագործ կեանքի ու հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան արժէքն ու պատկանելիութիւնը համընդհանուր ճանաչումի արժանացած իրողութիւններ են։ Աւելի քան զարմանալի է, որ ուրիշներու արժէքներու իւրացման մէջ հայ ազգին ուղղուած մեղադրանքները կը ներկայացնէ երկրի մը ներկայացուցիչը, որուն պետութեան անունն իսկ իւրացուած է ուրիշ երկրէ ու ժողովուրդէ։

Նոյն աժանագին գործելակերպը նաեւ Ռուսատանի ու Նոր Նախիջեւանի թեմի անունին շուրջ՝ Փաշազատէի շահարկութեան հիմքին կը գտնուի։ Ի գիտութիւն պէտք է ընդունիլ, որ Դոնի Ռոստովի մերձակայ բնակավայրերը անուանուած են «Նոր Նախիջեւան»՝ ցարական Ռուսաստանի իշխանութիւններու որոշումով՝ որպէս յարգանքի տուրք պատմականօրէն հայկական Նախիջեւանէն այդ տարածքը փոխադրուած հայերուն։

Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդի հրապարակային խօսքերուն մէջ շարունակաբար տեղ գտնող թշնամանքի ու կեղծիքի դատապարտելի դրսեւորումները ինքնին վկայութիւնն են այն իրողութեան, որ Ազերպայճանն է, Փաշազատէի խօսքերով ըսուած, սպառնալիք տարածաշրջանի դրացի երկիրներուն համար։

Եւ վերջապէս՝ հարկ է մէկընդմիշտ արձանագրել, որ սուտն ու կեղծիքը երբեք չեն կրնար ճշմարտութեան վերածուիլ, որքա՜ն ալ յաճախակի ու խանդավառութեամբ կրկնուին։