Յունիս 5-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի աշխատանքները:
Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները ողջունած եւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդած է Վեհափառ հայրապետը:
Նորին Սրբութիւնը առանձնակի գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ նոյն օրը սկսած է նաեւ Միաբանական համագումարը եւ այդ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած են Հայաստանի ու Սփիւռքի թեմերէն միաբան վարդապետներ ու աբեղաներ:
Ժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Արցախին ուղղուած ընկերային աջակցութեան ծրագրերը, Մայր Տաճարի վերանորոգման, Միւռոնօրհնութեան արարողութեան եւ յարակից այլ միջոցառումներու կազմակեպման, հանրակրթական դպրոցներու մէջ հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դասաւանդման, ինչպէս նաեւ նուիրապետական աթոռներու եւ թեմերու գործունէութեան առնչուող հարցեր:
Ժողովի աշխատանքները կը շարունակուին մինչեւ Յունիս 8: