Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մայր Աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանին մէջ նշուած է նահատակ գրողի ծննդեան տարեդարձը

Փետրուար 15-ին, Մայր Աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանին մէջ նշուած է նահատակ գրող Ռուբէն Սեւակի ծննդեան տարեդարձը:

Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան հրաւիրեալներուն ներկայացրուցած է նկարիչ Սարգիս Մուրադեանի վրձինին պատկանող՝ «Գողգոթա հայ մտաւորականներու» կտաւը (1975-1988), որ նկարիչին ընտանիքին կողմէ տրամադրուած է Սուրբ Էջմիածնի մէջ առժամեայ ցուցադրութեան։  

Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) ծնած է 1885 Փետրուար 15-ին, Մարմարայի եւրոպական ափի Սիլիվրի գիւղաքաղաքը: Աւարտած է ծննդավայրի Ասքանազեան տարրական նախակրթարանը, ապա երկու տարի սորված՝ Պարտիզակի գիշերօթիկ ամերիկեան վարժարանին մէջ, իսկ 1901-ին ընդունուած է Կ. Պոլսոյ նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարանը: 1905-ին Սեւակ մեկնած է Զուիցերիա` ուսանելով Լոզանի բժշկական համալսարանին մէջ:

1915–ին վերադարձած է Կ. Պոլիս, ձերբակալուած եւ աքսորի ճանապարհին նահատակուած է այն խումբին հետ, որոնց մէջ էին նաեւ Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ։