Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մանուշեանի յիշատակի ոգեկոչում՝ Փարիզի 20-րդ թաղամասին մէջ

Միսաք Մանուշեանի եւ իր խումբին անդամներու գնդակահարութեան 79-րդ տարելիցին առիթով Փարիզի 20-րդ թաղամասին մէջ կազմակերպուած է ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն, մասնակցութեամբ՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի եւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի։ Այս թաղին մէջ կը գտնուին Մանուշեանի խումբին անունով փողոցը եւ Միսաքի ու Մելինէի յիշատակը յաւերժացնող որմնանկարները։

Ծաղկեպսակներու զետեղումէ եւ վայրկեան մը լռութենէ ետք, ելոյթներով հանդէս եկած են Անն Հիտալկօ, 20-րդի թաղապետ Էրիք Փլիէ, Յասմիկ Տոլմաջեան, «Unité Laïque» ընկերակցութեան նախագահ Ժան-Փիեր Սաքուն։

Իր ելոյթին Փարիզի քաղաքապետուհին անդրադառնալով Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան էջերէն՝ երկրորդ աշխարհամարտին Ֆրանսայի ազատագրութեան պայքարին մէջ անջնջելի հետք ձգած Միսաք Մանուշեան անհատին եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մարդուն ընդգծած է, որ վերջինս պէտք է իր արժանի տեղը գտնէ  Պանթէոնի մէջ՝ Ֆրանսայի Մեծերու կողքին։ Շարունակելով՝ տիկին Հիտալկօ նշած է, թէ ներկայիս ալ Արցախահայութիւնն է, որ 72 օրէ ի վեր աննկուն կամքով կը դիմադրէ Ազերպայճանի շրջափակման։ Ան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախի բնակչութեան։

Իր կարգին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան շեշտած է, որ Մանուշեանը այսօր կը մարմնաւորէ նաեւ իր հայրենիքին մէջ ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու համար աւելի քան երկու ամիս բացարձակ շրջափակումին խիզախօրէն դիմադրող Արցախի Հայութիւնը։  

Հանդիսութեան ներկայ եղած են Փարիզի փոխքաղաքապետեր, երեսփոխաններ, Ծերակոյտի անդամներ, Նախկին ռազմիկներու եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

***

Նշենք, թէ նմանօրինակ ոգեկոչման արարողութիւն մը տեղի ունեցած է նաեւ Փարիզի 14-րդ թաղամասին մէջ, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի ապրած բնակարանի շէնքի ճակատին ամրացուած յուշատախտակին առջեւ, կազմակերպութեամբ 14-րդի թաղապետարանին եւ Հայ նախկին ռազմիկներու ընկերակցութեան։