Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ – Հայաստանի մէջ աշխատանոցներ՝ երեխաներու համար 

« M.E.L.I.N.A.» ընկերակցութեան  նոր մարտահրաւէրները 

Կարե­ւոր ընկերակցու­թիւն մը, որ հիմ­նուեցաւ 2023-ին՝ Մա­թիաս Փի­րոլօ Գառ­նի­կեանի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Ան ստեղ­ծուեցաւ մեկ­նե­լով յա­տուկ պատ­ճառնե­րէ՝ Մա­թիասի քրոջ՝ Մե­լինա­յի յի­շատա­կին եւ անոր յար­գած ար­ժէքնե­րը փո­խան­ցե­լու նպա­տակով՝ աշ­խա­տանոց­նե­րու ստեղ­ծումով, մա՛նա­ւանդ հայ երե­խանե­րու հա­մար։ Այս ընկերակցու­թիւնը նա­խադէպ մը կը հան­դի­սանայ իր գոր­ծունէու­թեամբ, մաս­­նա­ւորա­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ Արցա­խէն տե­ղա­հա­նուած երե­խանե­րուն կ՚ա­պա­հովէ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան մի­ջա­վայր մը ծաղ­րա­ծուա­կան աշ­խա­տանոց­նե­րու մի­ջոցով։

Առի­թը ու­նե­ցայ ընկերակցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն՝ Լէայի եւ Մա­թիասի հետ տե­սակ­ցե­լու։ Հիմ­նադրու­մէն ի վեր ընկերակցու­թիւնը իրա­կանա­ցու­ցած է եր­կու կա­րեւոր ճամ­բար դէ­պի Հա­յաս­տան։ Առա­ջինը 2023-ին եւ այս տա­րի ալ Փետ­րուար ամ­սուն կազ­մա­կեր­պե­ցին աշ­խա­տանոց­ներ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Մենք կը հա­ւատանք այս նա­խաձեռ­նութեան կա­րեւո­րու­թեան եւ հա­մոզուած ենք, որ պէտք է ամէն կեր­պով աջակ­ցիլ իրենց։

*  *  *

– Կրնա­յի՞ք մե­զի ներ­կա­յաց­նել « M.E.L.I.N.A » ընկերակցու­թիւնը եւ անոր առա­քելու­թիւնը։ 

– « M.E.L.I.N.A » ընկերակցու­թեան նպա­տակն է կեն­դա­նի արուես­տը (spectacle vivant), յա՛տկա­պէս ծաղ­րա­ծուա­կան արուեստն ու երաժշտու­թիւնը տա­րածել ու մատ­չե­լի դարձնել Ֆրան­սա­յի եւ ար­տա­սահա­մանի, եւ գլխա­ւորա­բար Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Կազ­մուած է 80 գոր­ծուն ան­դա­մէ (արուես­տա­գէտ­ներ, մշա­կու­թա­յին միջ­նորդներ, առող­ջա­պահու­թեան եւ կրթու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ, տե­ղեկատ­ւութեան ար­հեստա­վարժներ եւ այլն)։ Ընկերակցու­թիւնը հիմ­նուած է մեր՝ Մա­թիաս Փի­րոլօ Գառ­նի­կեանի եւ Լէա Մե­լինիի կող­մէ 2023 թուակա­նին։ Մենք եր­կուքս ալ այս մար­զին մէջ կը գոր­ծենք իբ­րեւ երա­ժիշտ եւ դե­րասան։

– Ինչպէ՞ս ծնաւ տե­ղահա­նուած երե­խանե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ծաղ­րա­ծուա­կան ու երաժշտա­կան աշ­խա­տանոց­նե­րու գա­ղափա­րը։

– 2023-ին, Մա­թիաս մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան՝ Գո­րիս եւ Երե­ւան, ուր կազ­մա­կեր­պեց ծաղ­րա­ծուա­կան աշ­խա­տանոց­ներ՝ յատ­կա­պէս Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած երե­խանե­րուն եւ պա­տանի­ներուն հա­մար։ Այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դա­մէնը եր­կու շա­բաթ ետք՝ Ազեր­պայճա­նի կա­ռավա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած բռնի տե­ղահա­նու­մէն։

– Շատ ծանր շրջա­նի մը գա­ցեր էք։ Այդ շրջա­նին հոն գտնուիլը ինչպէ՞ս ազ­դեց ձեր վրայ. ձեզ մղե՞ց հոն վե­րադառ­նա­լու։ 

– Այո՛, ճիշդ այդպէս։ Այս առա­ջին փոր­ձը մե­զի ցոյց տուաւ, որ երե­խաներն ու պա­տանի­ները կա­րիքը ու­նին դրսե­ւորե­լու իրենց հո­գեխո­ցումնե­րը։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, 2025 Փետ­րուարին մենք կազ­մա­կեր­պե­ցինք աւե­լի լայ­նա­ծաւալ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ծրա­գիր մը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Չմա­տու­ցե­ցինք ներ­կա­յացում, այլ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ծաղ­րա­ծուի աշ­խա­տանոց­ներ՝ երաժշտու­թեամբ զու­գորդուած, եւ վեր­ջին աշ­խա­տանո­ցը բաց էր հան­րութեան։ Այս նա­խաձեռ­նութեան նպա­տակն է Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած երե­խանե­րուն, ինչպէս նաեւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րէ հե­ռու մնա­ցած­նե­րուն առա­ջար­կել ծաղ­րա­ծուա­կան եւ երաժշտա­կան աշ­խա­տանոց­նե­րու շարք մը, որու աւար­տին մաս­նա­կից երե­խանե­րը հրամ­ցուցին ներ­կա­յացում մը, յատ­կա­պէս իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար։ Այս ծրագ­րին առա­քելու­թիւնն է այս երե­խանե­րուն ու պա­տանի­ներուն տալ ար­տա­յայ­տուելու կա­րելիու­թիւն եւ զա­նոնք վե­րակեդ­րո­նաց­նել իրենց կեան­քին վրայ, հա­կառակ իրենց ապ­րած բռնու­թիւննե­րուն։ 

– Կրնա­յի՞ք բա­ցատ­րել, թէ ին­չե՞ր ըրիք ձեր վեր­ջին աշ­խա­տանոց­նե­րու ըն­թացքին. որո՞նք էին գլխա­ւոր դժուարու­թիւննե­րը։

– Այս ուղղու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի մէջ, մենք իրա­գոր­ծե­ցինք երեք շա­բաթ­նե­րու վրայ տա­րածուող ծրա­գիր մը՝ մէ­կական շա­բաթ երեք քա­ղաք­նե­րու մէջ, մաս­նակցու­թեամբ մաս­նա­գէտ­նե­րու՝ ծաղ­րա­ծու­նե­րու եւ երա­ժիշտնե­րու, որոնք տեղ­ւոյն վրայ գտնուող հայ­կա­կան կա­ռոյցնե­րուն հետ միասին մշա­կեցին երե­խանե­րու կա­րիք­նե­րուն հա­մապա­տաս­խա­նող աշ­խա­տանոց­ներ։ Նաեւ նա­խատե­սուած է ման­կա­վար­ժա-հո­գեբա­նական հսկո­ղու­թիւն՝ մաս­նակցող­նե­րուն աջակ­ցե­լու հա­մար։ Կա­րելիու­թիւնը ու­նե­ցանք նաեւ հա­մագոր­ծակցու­թիւն հաս­տա­տելու տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծող հայ­կա­կան շարք մը կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հետ, ինչպէս՝ Գիւմրիի “KASA” հիմ­նադրա­մին եւ Գո­րիսի “Partnership and Teaching” կազ­մա­կեր­պութեան հետ։ Այս կա­ռոյցնե­րը կ՛ըն­դունին տե­ղահա­նուած երե­խաներն ու պա­տանի­ները, որոնց մտա­ւոր առող­ջութիւ­նը խո­րապէս տու­ժած է՝ ըստ ՄԱԿ-ի Ման­կա­կան հիմ­նադրա­մի (UNICEF) զե­կոյցնե­րուն, եւ ինչպէս մենք ալ ան­ձամբ հաս­տա­տեցինք տեղ­ւոյն վրայ աշ­խա­տելու ըն­թացքին։

Նախ յա­տուկ ու­շադրու­թեամբ կ՚ու­զեմ ընդգծել, որ մեր գլխա­ւոր նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը եղած է ընտրել տե­ղական հո­գեբան­ներ եւ ու­սուցիչ­ներ այս աշ­խա­տանոց­նե­րու կազ­մա­կերպման հա­մար եւ հա­մագոր­ծակցիլ անոնց հետ։ Այսպէս, անոնց ու­ղեկցու­թեամբ ու թե­լադ­րութիւննե­րով տե­ղի ու­նե­ցան ծաղ­րա­ծուա­կան աշ­խա­տանոց­նե­րը եւ օգ­նութիւն ցու­ցա­բերուեցաւ երա­խանե­րուն, որ­պէսզի կա­րենան ար­տա­յայ­տել իրենց զգա­ցումնե­րը։ Սա­կայն, դիւ­րին գործ չէր այս մէ­կը եւ պէտք է խոս­տո­վանիլ, որ շատ ան­գամ տեղ­ւոյն վրայ պա­կասը զգա­ցինք նման մաս­նա­գէտ­նե­րու։

Ամե­նամեծ դժուարու­թիւննե­րէն մէ­կը այս էր, նաեւ երե­խանե­րու դժուարու­թիւնը իրենց զգա­ցումնե­րը բա­ցայայ­տե­լու։ Այստեղ խնդրոյ առար­կա­ները ոչ միայն Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած երե­խաներն են, այ­լեւ ընդհա­նուր առ­մամբ՝ շա­տեր ու­նին այդ նոյն դժուարու­թիւննե­րը։ Յստակ է, որ պա­տերազ­մի բա­ցասա­կան հե­տեւանքնե­րը ազ­դած են բո­լորին վրայ։ Մեր նպա­տակն էր այդ վնաս­նե­րը թե­թեւցնել՝ զրու­ցե­լով տար­բեր նիւ­թե­րու շուրջ։

Նաեւ շնոր­հա­կալու­թեամբ պէտք է յի­շեմ, թէ միշտ մեր կող­քին եղան ան­հատներ, որոնք հա­յերէ­նի տի­րապե­տելով՝ շատ յա­ճախ ապա­հովե­ցին մեր թարգմա­նու­թիւննե­րը եւ սա՝ լե­զուի ար­գելքը յաղ­թա­հարե­լու տե­սան­կիւնէն շատ կա­րեւոր ներդրում էր։ Ես ալ հա­յերէն գի­տեմ, բայց նա­խընտրե­ցինք մե­զի հետ ու­նե­նալ մէ­կը, որ աւե­լի լաւ կը խօ­սի։ Օրի­նակ, վեր­ջին շրջա­նին մե­զի հետ էր Ռա­ֆայէլ Տէր­տէ­րեան, որ մե­ծապէս օգ­նեց մե­զի այս ուղղու­թեամբ։ Միւս կող­մէ, երե­խանե­րու հետ հա­ղոր­դակցու­թեան ըն­թացքին՝ լե­զուն եր­բեմն կը մնայ երկրորդ դիր­քի վրայ ։

Միւս կա­րեւոր խնդի­րը՝ նիւ­թա­կան դժուարու­թիւններն էին։ Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ Եր­կիր եւ Մշա­կոյթ կազ­մա­կեր­պութեան, “Pitt Ocha” եւ « Sourires d’Arménie » միու­թիւննե­րուն, ինչպէս նաեւ M.E.L.I.N.A ընկերակցու­թեան նուիրա­տու­նե­րուն, առանց որոնց օժան­դա­կու­թեան՝ պի­տի չկա­րենա­յինք իրա­գոր­ծել այս ու­ղե­ւորու­թիւնը։

– Ո՞ւր գա­ցիք այս տա­րի իրա­կանաց­նե­լու ձեր աշ­խա­տանքնե­րը եւ ինչպէ՞ս ընտրե­ցիք վայ­րե­րը։

– Այս տա­րի գա­ցինք Գիւմրի, ուր “KASA” հիմ­նադրա­մին հետ վա­րեցինք օրա­կան եր­կու աշ­խա­տանոց։ Յե­տոյ մե­զի թե­լադ­րուեցաւ եր­թալ գիւ­ղեր, ուր տղա­քը շատ աւե­լի կա­րիքը ու­նին նման ձեռ­նարկնե­րու, քան թէ մեծ ոս­տաննե­րու մէջ։ Ու­րեմն գա­ցինք Աշոցք գիւղ, ուր չորս օր աշ­խա­տեցանք տղոց հետ։ Գա­ցինք նաեւ Գո­րիս եւ Տեղ՝ “Partnership and Teachings” եւ “GUM” ընկերակցու­թիւննե­րուն հետ. օրա­կան մէկ աշ­խա­տանոց վա­րեցինք, հինգ օրե­րու ըն­թացքին. նոյնպէս՝ օրա­կան մէ­կական աշ­խա­տանոց՝ Ար­տա­շատի,Վե­րինի, Այ­գե­զար­դի մէջ։ Վեր­ջին աշ­խա­տանոց մըն ալ կազ­մա­կեր­պուեցաւ Ար­տա­շատի քա­ղաքա­պետութեան հետ գոր­ծակցու­թեամբ։ 

– Դուք ի՞նչ տպա­ւորու­թիւններ ու­նե­ցաք։ Ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք այս նա­խաձեռ­նութեան ար­դիւնքնե­րը։

– Այս աշ­խա­տանոց­նե­րը շատ օգ­տա­կար եղան։ Մաս­նա­կից­նե­րը մեծ խան­դա­վառու­թեամբ մաս­նակցե­ցան, եւ մենք տե­սանք, որ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ար­տա­յայ­տութիւ­նը, խա­ղերն ու երաժշտու­թիւնը կը նպաս­տեն ոչ միայն երե­խանե­րու, այ­լեւ անոնց ըն­տա­նիք­նե­րու հո­գեկան վի­ճակի բա­րելաւ­ման։ Յատ­կա­պէս գաղ­թա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու պա­րագա­յին՝ նման աշ­խա­տանքներ կրնան թե­թեւցնել անոնց առօ­րեայ կեան­քի լա­րուա­ծու­թիւնը եւ նպաս­տել ըն­կե­րային կեան­քի մէջ կա­պերու ամ­րապնդման։

Աշ­խա­տանոց­նե­րը դար­ձան հա­սարա­կաց վայր մը, ուր մաս­նա­կից­նե­րը ոգե­ւորու­թեամբ կու գա­յին, ոչ թէ միայն լսե­լու կամ սոր­վե­լու, այ­լեւ միասին ստեղ­ծե­լու եւ կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Մեր նպա­տակը չէր ուղղա­կի ու­սուցա­նել, այլ՝ միաս­նա­բար կա­ռու­ցել, կի­սել այդ փոր­ձա­ռու­թիւնը, մաս­նակցիլ անոր։ Այս մօ­տեցու­մը, ան­կասկած, խո­րացուց մաս­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ կա­պերը եւ ստեղ­ծեց հա­մագոր­ծակցու­թեան մի­ջավայր մը։

– Կը կար­ծեմ, որ ձե­զի հա­մար այս ծրա­գիրը միայն մէկ ան­գա­մուան յա­տուկ չէր, այլ՝ եր­կա­րաժամ­կէտ պար­տա­ւորու­թի՛ւն է։ Դուք ար­դէն մշա­կա՞ծ էք յա­ջորդ քայ­լե­րուն մա­սին ծրագ­րեր։ 

– Եթէ ու­նե­նանք կա­րելիու­թիւն ու կա­րենանք ապա­հովել գան­ձատրում, ան­շուշտ կը փա­փաքինք շա­րու­նա­կել աշ­խա­տան­քը։ Թէ՛ կ՚ու­զենք նոյն խումբե­րով աշ­խա­տիլ եւ թէ՛ ու­րիշ խումբեր գտնել ու նո­րանոր աշ­խա­տանոց­ներ կազ­մել, սա­կայն դիւ­րին չէ։ Այս ամ­բողջը մեծ նա­խապատ­րաստու­թիւն կը պա­հան­ջէ եւ կազ­մա­կերպչա­կան խնդիր­նե­րը միշտ լուրջ մար­տահրա­ւէր­ներ են։ Պէտք է հաս­տա­տել աւե­լի ամուր գոր­ծընկե­րու­թիւններ կամ գտնել յա­ւելեալ աղ­բիւրներ, որ­պէսզի մեր աշ­խա­տան­քը դառ­նայ աւե­լի կայուն։

Նազլը Թէմիր Պէյլէրեան

M.E.L.I.N.A. ընկերակցութեան գործունէութեան կարելի է աւելի մօ­տէն ծանօթանալ, այցելելով ստորեւ տրուած հասցէն.-

https://www.helloasso.com/associations/mouvement-des-electrons-libres-pour-l-initiative-de-nature-artistique

Իսկ ելգիրի հասցէն է՝ assoc.melina@gmail.com