Ապրիլ 11-ին, Մարսիլիոյ՝ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգապետութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ցուցապաստառի բացման արարողութիւնը, նահանգապետութեան խորհուրդի նախագահուհի Մարթին Վասալի նախաձեռնութեամբ։
Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի յիշատակի ծիրէն ներս կազմակերպուած սոյն միջոցառումը համախմբեց պետական պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ, ընտրեալներ, հայկական համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ յիշողութեան աշխատանքին մէջ ներգրաւուած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։
Արժանապատւութեամբ եւ յարգանքով լեցուն խոկումի այս պահը յիշեցուց Ի. դարու առաջին ցեղասպանութեան պատմութիւնը փոխանցելու եւ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու կարեւորութիւնը՝ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յիշողութեան ոգիով։
Արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան յուզումով ողջունեց Տիկին Վասալի անկեղծ եւ անսասան յանձնառութիւնը՝ հայ ժողովուրդի եւ անոր յիշողութեան պահպանման նկատմամբ։
Ան իր ելոյթին ընդգծեց, թէ յիշողութեան պարտականութիւնը սոսկ յիշատակումով չի սահմանափակուիր. “Սա մոռացութեան եւ ժխտողականութեան դէմ բարոյական յանձնառութիւն է, ինչպէս նաեւ հաւաքական պատասխանատւութիւն՝ որպէսզի նման ողբերգութիւններ երբեք չկրկնուին”։
Հայաստանի աւագ հիւպատոսի կողքին, Մարթին Վասալ յայտարարեց՝ 11-րդ թաղամասի հանրապարտէզին մէջ յուշարձանի մը տեղադրման մասին։ Ան յուզուած եւ արցունքներով պատմեց տարի մը առաջ Հայաստանի մէջ իր աչքերով տեսած որդեկորոյս ծնողներուն տառապանքին ու ապրած ցաւին մասին։ “Ազերպայճանցիները չեն աւարտած այն ինչ որ կը կ՚ուզէին ընել”,– զգուշացուց ան։
“Դար մը ետք, պատմութիւնը կը պատրաստուի կրկնել անասելին”,– հաւաստեց Ազատ Պալալաս-Գազանճեան, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) Հարաւի համանախագահը։
“Ինչպէ՞ս շարունակել պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար 110 տարի ետք”,– հարցադրեց Ժիւլիէն Հարունեան, CCAF Հարաւի միւս համանախագահը եւ շարունակեց. “Ծնունդ տալ նորանոր կեանքերու եւ հայեացքը ուղղել դէպի երեխաները, որովհետեւ ապագան անո՛նք են։ (…) Մենք պէտք չէ գոհանանք միայն յիշողութեամբ եւ ոգեկոչումով, այլ մտածենք նաեւ հատուցման մասին”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։