Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի շէնքի ճակատին՝ Ապրիլ 24-եան հսկայ պաստառ մը

Ապրիլ 14-ի երեկոյեան, Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդի շէնքի ճակատին պարզուած է հսկայական պաստառ մը, Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առթիւ, պաշտօնական արարողութեան ընդառաջ։ 

Իսկ Երկուշաբթի, Ապրիլ 17-ին, Նահանգի եւ Էքս-Մարսէյլ-Փրովանս մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալ իր նախաձեռնութեամբ, նոյն շէնքին  մէջ, բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեան  տեղի ունեցած ոգեկոչման պաշտօնական արարողութեան՝ պաշտօնապէս բացումը կատարած է պաստառին։ Արարողութեան ներկայ եղած են ի շարս բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու, Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ հիւպատոս տիկին Մատլէն Պռոշեան, Հարաւային CCAF-ի համանախագահներ՝ Ժիւլիէն Հարունեան, Ազատ Պալալաս-Գազանճեան, հայկական կազմակերպութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ։