Փարիզի մէջ Յունիս 12-ին տեղի ունեցած աճուրդին վաճառքի դրուեցաւ «Հրանտ Սամուէլեան» գրախանութի հարուստ հաւաքածոն, որ կը պարունակէր տարբեր ժամանակաշրջաններու քանի մը տասնեակ ուշագրաւ ձեռագրեր եւ գիրքեր:
Զանոնք ձեռք բերելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի տնօրէնութիւնը, սակայն այդ ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը յաջողութեամբ չեն պսակուած: Այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին տեղեկութիւններ հաղորդած է Մատենադարանի հանրային կապերու բաժնի ղեկավար Էմմա Հոռոփեան:
Ան յայտնած է, թէ Մատենադարանի ղեկավարութիւնը տեւաբար փորձած է կապ հաստատել գրախանութի պատասխանատուներուն հետ՝ քննարկելու վաճառքի ներկայացուած ձեռագրերն ու գիրքերը աճուրդէն հանելու եւ ուղղակի վաճառք կազմակերպելու հնարաւորութիւնը: Սակայն նման գործարք կարելի չէ եղած իրականացնել՝ աճուրդի կազմակերպման կարգի առանձնայատկութիւններուն պատճառով:
“Իրաւասու անձերը անընդունելի համարած են ուղղակի վաճառքը, նշելով թէ աճուրդի ընթացքին գիները կրնան քանի մը անգամ աւելնալ։ Իսկ մէկ այլ խնդիրը այն էր, որ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն աճուրդին արձանագրուիլը բաւական մեծ թեքնիք հարցեր յառաջացուցած է։ Յամենայն դէպս, Մատենադարանի ղեկավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ կ՚իրականացնէ (յատկապէս անձերու հետ), ձեռք ձգելու համար հայկական բոլոր ձեռագրերը, քանի որ մատեանները հայրենիք վերադարձնելը մեր գլխաւոր առաքելութիւնն է”,– նշած է Էմմա Հոռոփեան:
1930-ին հիմնադրուած «Հրանտ Սամուէլեան» արեւելեան գրախանութը (Librairie Orientale Hrant Samuelian), աւելին էր, քան պարզապէս գիրքերու վաճառքի կեդրոն: Ան հայ միտքի լուռ ապաստանն էր, այն քիչ վայրերէն մէկը, ուր հայ գիրքը կը շարունակէր շունչ առնել՝ հակառակ հեռաւորութեան ու ժամանակին:
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան միջոցով փորձած է արձանագրուիլ այդ աճուրդին: Նման փորձի ձեռնարկած են նաեւ Մատենադարանին մօտիկ շրջանակներ, բայց նոյնպէս դէմ յանդիման գտնուած են բաւական լուրջ թեքնիք խնդիրներու:
«Gros-Delettrez» աճուրդի տան կազմակերպած վաճառքին՝ գիրքի եւ գրական այլ նիւթերու սիրահարներուն, հաւաքորդներուն կ՚առաջարկուէր ընդամէնը 300 միաւոր թանկարժէք «մասունք»-ներ՝ Աստուածաշունչ, ձեռագիր, բառարան եւ այլ գիրքեր։ Անոնցմէ ոմանց աճուրդի գինը ճշդուած էր մինչեւ 18.000 եւրօ։
Աստուածաշունչը, որուն աճուրդի նուազագոյն սակը ճշդուած էր 18.000 եւրօ
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։