Գրեց՝ Դոկտ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան
Ժողովրդավարութիւնը պետական-քաղաքական կառավարման ձեւ մըն է, որ կը լիազօրէ ժողովուրդը իրականացնելու քաղաքական վերահսկողութիւն` սահմանափակել կարենալու համար իր ընտրաքուէներով կազմաւորուած պետութեան ղեկավարի իշխանութիւնը, քաղաքական իշխանութիւնը բաժնելով պետական մարմիններու միջեւ,– խորհրդարան, կառավարութիւն, սահմանադրական դատարան, մարզպետարան եւ այլն,– եւ կ’ապահովէ քաղաքացիական իրաւունքներու ու անոնց ազատութեան պաշտպանութիւնը։ Ժողովրդավարութեան ընդհանրացած զոյգ՝ ուղղակի եւ ներկայացուցչական տարբերակներէն բացի, նաեւ որոշ երկիրներու մէջ կը կիրառուին ղեկավարման այլ ձեւեր, որոնք կը դրսեւորուին իբրեւ մասնակցային, ազատական, խորհրդարանական, բազմակարծական, սահմանադրական եւ ընկերվարական ժողովրդավարութիւններ բնորոշումներով:
Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, թէպէտ ժողովրդավարութիւնը միատեսակ չէ, սակայն անոր հիմնական բաղադրիչ կը կազմեն մրցակցային ընտրութիւնները, խօսքի ազատութիւնը, անհատական քաղաքացիական ազատութիւնները եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Ժողովրդավարական սկզբունքներով կառավարուող երկիրներու մէջ, մեծաւ մասամբ, քաղաքացիները կ’ընտրեն պատգամաւորներ՝ խորհրդարանէն ներս ներկայացնելու եւ հետապնդելու համար իրենց պահանջները, ցանկութիւններն ու շահերը: Ժողովուրդին քուէներով ընտրուած խորհրդարանի անդամները կը քննարկեն ու կ’ամրագրեն օրէնքներ, եւ զանոնք իրագործելու համար կը մշակեն համապատասխան քաղաքականութիւն:
Հակառակ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի եւ Ափրիկէի որոշ ոչ-ժողովրդավարական, մենատիրական պետութիւններուն, արեւմտաեւրոպական ժողովրդավարութեան համակարգը շատ մը երկիրներու կողմէ որդեգրուած եւ աշխարհի ամենատարածուած կառավարման ձեւերէն մին է։
Հայաստան ժողովրդավար եւ սահմանադրականօրէն կազմակերպուած պետութիւն է՝ ազատ ընտրուած խորհրդարանով եւ գործադիր իշխանութեան գլուխը կանգնած վարչապետով։ Իբրեւ խորհրդարանական հանրապետութիւն՝ Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, որուն քաղաքական համակարգը հաստատուած է իշխանութիւններու անջատման, մարդկային իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ ազատ ընտրութիւններու իրաւունքի հիմնասիւներուն վրայ։ Անոր օրէնսդիր իշխանութիւնը կը պատկանի Ազգային ժողովին։ Արդարեւ, Հայաստան խորհրդարանական ներկայացուցչութեամբ ժողովրդավար կառավարման համակարգ ունեցող երկիր մըն է, որուն պետական իշխանութիւնը կը բխի ժողովուրդէն եւ կ’իրագործուի անկէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն միջոցաւ։
Սակայն առաւել ուշագրաւ է, որ այս ժողովրդավարական-սահմանադրական կառավարման արժեհամակարգին մէջ Աստուծոյ դրօշին ներքոյ գոյություն ունի հաստատութիւն մը, որուն ներքին կարգը եւ որոշումներու կայացման գործընթացը կը հետեւին միապետական կառոյցներու՝ Եկեղեցին: Այսպէս, երբ պետութիւնն ու հասարակութիւնը կազմուած են բազմակարծիք եւ թափանցիկ ըլլալու հիմունքներով, Եկեղեցւոյ իշխանական կառոյցներուն մեծ մասը ունի վեհապետական, այլ խօսքով՝ նուիրապետական եւ ոչ-ժողովրդավարական ղեկավարման բնոյթ:
Արդարեւ, կառուցուածքային այս լարուածութիւնը ինքնաբերաբար կը բարձրացնէ կեդրոնական հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ ղեկավարման միապետական աւանդոյթ ունեցող կազմակերպութեան մը գոյութիւնը համատեղելի նկատուիլ ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան հիմնարար արժէքներուն հետ, եւ ի՞նչ դեր կը խաղայ Եկեղեցւոյ պատմականօրէն ձեւաւորուած յատուկ դիրքը այս իրավիճակին մէջ: Առկայ յօդուածին առաջադրանքն է քննարկել այս հարցը եւ քննադատաբար լուսաբանել, թէ Եկեղեցին որքանո՞վ կը գործէ իբրեւ «իրաւական միապետութիւն» ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան եւ հասարակարգի շրջանակներուն մէջ։
Արդար գնահատականով մը անդրադառնալու համար նախ պէտք է զանազանել Հայց. առաք. եկեղեցին իր կառավարման իւրայատուկ ձեւին մէջ՝ զայն տարբերելով Հռոմէական կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներէն։ Հայ եկեղեցին աւանդաբար ինքն իրեն գնահատած է իբրեւ կառավարման ժողովրդավարական աւանդոյթներ ունեցող եկեղեցի մը։ Առնուազն 447 թուականին գումարուած Շահպիվանի ժողովի կազմութեան մէջ նկատելի կը դառնան նախադրեալները եկեղեցական օրէնսդիր համագումարի մը, որ հայոց եկեղեցական պատմութեան մէջ կը գնահատուի որպէս Ազգային-եկեղեցական ժողով՝ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսի, 40 եպիսկոպոսներու, բազմաթիւ երէցներու, սարկաւագներու եւ Եկեղեցւոյ համօրէն ուխտի՝ իշխաններու, գաւառապետերու, գաւառակալներու, բռնաւորներու, զօրագլուխներու, հարիւրապետերու, ազատներու, շինականներու, կուսակալներու, նաեւ բոլոր նախարարներու մասնակցութեան համար։ Սոյնը ունի եզակի նշանակութիւն, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ոչ իսկ 150 տարի անց, Հայ եկեղեցին իր որոշումները կ’առնէ ոչ թէ բացառաբար եկեղեցականներուն մենաշնորհուած իրաւասութիւններով, այլ Եկեղեցւոյ համօրէն ուխտին՝ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներկայացուած մասնակիցներու գործակցութեամբ։
Բայց միթէ՞ այսպէս եղաւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին՝ դժուար է ըսել։ Այնուամենայնիւ ժամանակի հոլովոյթին եւ պատմութեան վերիվայրումներուն մէջ պահպանուեցաւ գոնէ վաւերական աւանդոյթ մը, որ կը յարատեւէ մինչեւ այսօր՝ կրելով առանձնայատուկ տիտղոս մը «Հայաստանեայց առաքելական սբ. եկեղեցւոյ ազգային-եկեղեցական ժողով» անունով։
Սոյն ժողովը կը հանդիսանայ Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամենահեղինակաւոր մարմինը՝ խտացնելով իր մէջ օրէնսդրական, որոշումներու կայացման եւ ընտրական բոլոր լիազօրութիւնները։
Անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ այս կարեւորագոյն կառոյցին՝ Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի կայքէջը անոր իրաւասութիւններուն մասին կը նշէ.
«ա. Կ’ընտրէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։
բ. Որոշումներ կ’ընդունի ազգային-եկեղեցական հիմնահարցերու վերաբերեալ։
գ. Որոշումներ կ’ընդունի դաւանաբանական, ծիսական, կանոնական, ինչպէս նաեւ վարչական կառավարման էական հիմնահարցերու վերաբերեալ։
դ. Կ’ընդունի Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը եւ անոր մէջ կատարուած փոփոխութիւններն ու լրացումները։
ե. Կը սահմանէ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ կառոյցներուն կարգավիճակը` հոգեւոր իշխանութեան, պատասխանատւութեան, իրարու հետ փոխյարաբերութիւններու սահմաններն ու կարգը, ինչպէս նաեւ անոնց գործունէութեան նկատմամբ վերահսկողութեան ընթացակարգերը։
զ. Կը սահմանէ այլ եկեղեցիներու, կրօնական համայնքներու, պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ փոխյարաբերութեան հիմնադրոյթները։
է. Կը լսէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ինչպես նաեւ իր կողմէ ձեւաւորուած յանձնաժողովներու զեկոյցները, եւ ըստ անհրաժեշտութեան կը կայացնէ որոշումներ։
ը. Իր որոշումներուն իրագործումը վերահսկելու նպատակով, անհրաժեշտութեան պարագային, կը ձեւաւորէ համապատասխան յանձնաժողովներ։
թ. Կ’ընդունի Ազգային-եկեղեցական ժողովին կանոնակարգը։
ժ. Կ’ընտրէ Ազգային-եկեղեցական ժողովին դիւանը»[1]։
Այսուհանդերձ, Հայ եկեղեցիին «ժողովրդավարական» բնութագիր ընծայող այս եզակի կառոյցն ալ զերծ չէ բացթողումներէ, որոնք յատկապէս վերջին շրջաններուն առաւել եւս զգալի դարձան ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ, եւ այս առումով յառաջացած բարդութիւնները չեն նպաստեր Եկեղեցին եւ հասարակութիւնը դրական լուծումներու ուղղորդելու։
Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու լիազօրութեան խնդիրը
Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի վերը մէջբերուած կայքէջը կը նշէ.
«Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի նիստը կը հրաւիրէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Իսկ Կաթողիկոսական աթոռի թափուր ըլլալու պարագային Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան համար Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի արտահերթ նիստ կը հրաւիրուի Կաթողիկոսական տեղապահին կողմէ վեց ամսուայ ընթացքին»:
Այսպէս յստակ կը դառնայ, որ Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու իրաւասութիւնը սահմանափակուած է բացառաբար երկու անձերու պաշտօնին մէջ՝ յանձինս Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ իր վախճանման առթիւ եպիսկոպոսական արտահերթ ժողովէն ընտրուած Կաթողիկոսական տեղապահին։
Սակայն այս կանոնակարգը ինքնին կը յառաջացնէ եկեղեցաբանական եւ կառուցուածքային լուրջ խնդիր։ Նախ, որ կաթողիկոսական տեղապահի գործունէութիւնը պայմանաւորուած է կաթողիկոսի վախճանումով եւ աթոռի թափուր մնալու փաստով։ Պաշտօն մը, որ կը գոյատեւէ առաւելագոյնը վեց ամիս՝ մինչեւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Ազգային-եկեղեցական նոր ժողովի մը գումարումը հրաւիրելու լիազօրուած միակ հեղինակութիւնը կը մնայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։
Վերջին երկու տասնամեակներու եկեղեցական կեանքի վերիվայրումները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ անհրաժեշտութեան պարագաներուն, երբ կաթողիկոսը կը դժկամի հրաւիրելու Ազգային-եկեղեցական ժողովի մը գումարումը, գոյութիւն ունի ոչ մէկ կառոյց իրականացնելու սոյնը՝ շրջանցելով կաթողիկոսը։ Կրնայ ըլլալ, որ հայոց պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած ըլլան նմանօրինակ նախադէպեր։ Բայց կանոնագիտական առումով հարցը կը մնայ առկախ, թէ ինչքանո՞վ իրաւասութան հիմք ունին նման իրադարձութիւնները։ Զորօրինակ՝ 1441 թուականին, երբ Սիսի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան պաշտօնով տակաւին կ’աթոռակալէր Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց (1439–1446), Արեւելեան վարդապետներ, Յովհաննէս Հերմոնացիի եւ Թովմա Մեծոփեցիի գլխաւորութեամբ, հրաւիրեցին Ազգային-եկեղեցական ժողով եւ Էջմիածնի մէջ կաթողիկոս ընտրեցին Կիրակոս Ա. Վիրապեցին (1441–1443)։ Այդ ժամանակ Արեւելեան վարդապետներ ստոյգ շարժեցան «հարկ լուծանէ զօրէնս» սկզբունքով, գուցէ շրջանցելով Հայ եկեղեցւոյ կանոնական կարգն ու նուիրագործուած աւանդոյթները։ Միեւնոյն է, կատարուած իրողութիւնը պատմականօրէն, նաեւ Եկեղեցւոյ իրաւունքի ընկալումներէն մեկնելով, կը մնայ խնդրայարոյց, որքան ալ արդարացուած ու ազնիւ ըլլային Արեւելեան վարդապետներու նման քայլի մը ձեռնարկելու դրդապատճառները։
Բաց աստի, կիլիկեան շրջանին նաեւ հայոց որոշ թագաւորներ, ինչպէս Հեթում Բ. (1266–1301) լատինասէր, Սիսի մէջ կը հրաւիրէ ժողով մը եւ 1289 թուականին աթոռազրկելով Կոստանդին Բ. Կատուկեցին (1286–1289), տեղը կը բազմեցնէ Ստեփանոս Դ. Կլայեցին (1290–1293), իսկ վերջինիս Եգիպտոս գերեվարութենէն ետք իրեն համախոհ՝ Գրիգոր Է. Անավարզեցին (1293–1307)։
Որեւէ կաթողիկոս, բնականաբար, իրմէ աւելի գերադաս ժողով մը պիտի չուզէր հրաւիրել, եթէ երբեք համոզուած չըլլար, որ անոր արդիւնքը ի նպաստ իր անձին պիտի վերջանայ։ Ժողով մը, որուն ինք կանոնագրային իմաստով հաշուետու է մասնաւորաբար թերացումներու, հաւատքէ անկումներու, հերետիկոսութեան, հերձուածներ ստեղծելու, կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու, նիւթական եւ բարոյական տարատեսակ չարաշահումներու, ազգային-եկեղեցական կանոններուն եւ շահերուն դէմ գործելու փաստերու պարագային։
Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի կայքէջը Ազգային-եկեղեցական ժողովի իրաւասութիւններուն անդրադառնալով ցաւօք չի նշեր, որ այդ ժողովը միաժամանակ ամբողջական ու անմնացորդ լիազօրութիւնը ունի կաթողիկոսը աթոռազրկելու, երբ,– ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ,– առկայ են չարաշահումներու եւ բացթողումներու ծանրակշիռ պարագաներ։ Բնականաբար տրամաբանական եզրակացութիւնը այն է, որ Լուսաւորչի գահուն վրայ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրելու միակ իրաւասութիւն ունեցող կառոյցը միաժամանակ ունի ամբողջական լիազօրութիւնը նոյն կաթողիկոսը իրեն վստահուած պաշտօնէն հեռացնելու։
Այս խորապատկերին վրայ կը յառաջանայ հիմնարար եւ կարեւորագոյն ուրիշ հարց մը. արդարեւ ո՞վ է իրաւասու, որ հրաւիրել կարենայ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, եթէ կաթողիկոսը չի կատարեր զայն, այլեւ չի հրաժարիր իր պաշտօնէն։ Այսպէս, նմանօրինակ դէպքերու առթիւ, Եկեղեցին վարչական առումով խցուած կը մնայ փակուղիի մէջ։ Սոյնը հասկնալի ու մեկին կը դարձնէ, որ ճգնաժամային իրավիճակներու ստեղծման պարագային Հայ եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ու անոնց վերահսկողութեան հետեւելու քայլերը երաշխաւորուած չեն։
Ցաւալին այն է, որ Ազգային-եկեղեցական ժողովը իր ներկայացուցիչներու կազմութեամբ մնայուն կառոյց չէ։ Այսինքն՝ կաթողիկոս ընտրելու նպատակով հայրենիքի եւ սփիւռքի թեմերէն ներկայացուած պատգամաւորները ընտրական գործընթացը լրացնելէ ետք՝ կը դադրին իրենց հանգամանքէն։ Անոնց բերած առաջարկները, թէկուզ կարեւորագոյններէն շատեր, կը մնան անգործադրելի, եւ սոսկ արձանագրութիւն Ազգային-եկեղեցական ժողովի ատենագրութիւններուն մէջ։
Արդարեւ այսպէս եղաւ պարագան 3–5 ապրիլ 1995 թուականին գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին, ուր նորընտիր կաթողիկոսին հրաւէրով պատգամաւորներ ներկայացուցին առաջարկներ, որոնց քննարկումը, ապա ասոնց առնչուած որոշումները կրնային ստոյգ նպաստել Եկեղեցւոյ զարգացման եւ բարեկարգութեան գործընթացին։ Այստեղ շահեկան պիտի ըլլայ նշել ընդամէնը քանի մը օրինակ.
Ահաւասիկ, Եկեղեցին յուզող առաջադրուած այս հարցերէն ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը նկատի առնուեցան յաջորդող Ազգային-եկեղեցական ժողովի օրակարգին մէջ, յաւելեալ՝ 27 հոկտեմբեր 1999 թուականին, այսպէս կոչուած կաթողիկոսական ընտրութեան ընթացքին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ստեղծած տխուր մթնոլորտը, հայոց պետական այրերուն դէմ իրագործուած ոճիրը գրեթէ ընդարմացուց խորքային իմաստով արդիւնաւէտ ժողովականութեան աշխատանքային ծրագիրը։
Այնուհանդերձ, 6–8 յունիս 2017 թուականին Մայր աթոռ սբ. Էջմիածնի մէջ գումարուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական Զ. ժողովը կը քննարկէ 1945 թուականին Ազգային-եկեղեցական ժողովի ընդունած կանոնադրութեան փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը: Ժողովականները քուէարկութեամբ կ’ընդունին ներկայացուած փաստաթուղթը, որ վերջնականապէս պիտի հաստատուէր յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ։
Վերատեսութեան ենթարկուած շատ մը յօդուածներու շարքին այս փաստաթուղթը կը նշէ.
«Ազգային-եկեղեցական ժողովի նիստը հրաւիրում է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` առնուազն եօթ տարին մէկ անգամ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, ըստ անհրաժեշտութեան, կը հրաւիրէ նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի արտահերթ նիստ»[3]։
Ութ տարի առաջ առաջադրուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նիստ հրաւիրելու վերաբերեալ այս յօդուածը Եկեղեցին վարչականօրէն կրկին կը կեցնէ փակուղիի մը առջեւ, երբ Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը փաստօրէն միանգամայն կը սահմանափակէ բացառաբար կաթողիկոսի լիազօրութիւններուն մէջ։ Ուրեմն լիայոյս ըլլանք եւ սպասենք յառաջիկայ տարիներու խորհրդաւոր եօթը թիւերու իրականացումին.
Ի դէպ, պէտք է նկատի առնել նաեւ հետեւեալ մտահոգիչ պարագաները.
ա. Չեմ խօսիր Հայաստանի թեմերէն ներկայացած պատգամաւորներու հետապանդած շահերուն մասին։ Ներքին սփիւռքի թեմերէն՝ մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմերուն պատգամաւորները, որոնք լուրջ թիւ մը կը ներկայացնեն, անհաւանական չէ, որ, ի պահանջել հարկին, հետապնդեն ռուսական գաղտնի ծառայութիւններէ թելադրուած շահեր։ Իսկ Հիւսիսային Ամերիկաներու, նաեւ Եւրոպայի էջմիածնական թեմերէ ներկայացող պատգամաւորները, որոնք նմանապէս մեծ թիւ մը կը կազմեն,– սովորաբար անդամներ կամ համակիրներ սփիւռքեան զանազան ազգային-մշակութային կառոյցներու, այլապէս՝ տարբեր կուսակցութիւններու,– բնականաբար պիտի հետապնդեն իրենց պատկանած կազմակերպութեանց հետաքրքրութիւնները եւ պիտի ջանան իրագործել իրենց տրուած համապատասխան թելադրութիւններն ու հրահանգները։ Այսպէս, ստոյգ խնդրայարոյց կը դառնայ Ազգային-եկեղեցական ժողովին մէջ առնուելիք որոշումներուն, նաեւ կաթողիկոսական ընտրութեան գործընթացին անաչառութիւնը։
բ. Պատգամաւորներուն ճնշող մեծամասնութիւնը անտեղեակ է Եկեղեցւոյ հնաւանդ ժառանգութեան, կանոններուն, վարդապետութեան, դաւանաբանական-աստուածաբանական դրոյթներուն, պատմութեան եւ,– ինչո՞ւ հեռուները երթանք,– իցիւ թէ գոնէ մէկ անգամ ծայրէ-ծայր կարդացած ըլլայ Աստուածաշունչը։ Եօթանասուն տարի առաջուան Ազգային-եկեղեցական ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն, սփիւռքի մէջ երբեմնի թեմական կամ ծխական խորհուրդներու անդամներուն կրօնական բանիմացութիւնը սերնդափոխութեան հետ անհետացած է։ Արդի կրթական համակարգին մէջ գրեթէ վերացած են եկեղեցական պատմութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն առարկաները։ Հետեւաբար, այսպէս կոչուած «սրբագումար ժողովը» ինքնստինքեան կը գտնուի աշխարհիկ մտածելակերպի եւ հոգեբանութեան գերակշիռին տակ։ Հայ եկեղեցին անոնցմէ շատերուն համար պատմական յուշարձան մըն է, ազգային գոյութեան կարեւոր յենասիւն մը, զոր պէտք է պահել ձեւականօրէն՝ առանց առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելու անոր հոգեւոր բովանդակութեան, ջերմեռանդութեան եւ այն առաքելութեան, որ գերազանցապէս կը ձգտի Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան խորհուրդներուն ընդմէջէն Աստուծոյ շնորհած սէրն ու փրկութիւնը տեսանելի ու արդիւնաւէտ դարձնել աշխարհի մէջ խօսքով, գործով, հաղորդակցութեամբ եւ վկայութեամբ։
Արդարեւ, ինչպէս նկատած ենք 1995 եւ 1999 թուականներու Ազգային-եկեղեցական ժողովներու կայացման առթիւ, մասնակցող պատգամաւորներու մեծամասնութեան մօտ եկեղեցական ասպարէզին մէջ անգիտութիւնը բացայայտօրէն Աքիլլէսեան խոցելի գարշապար մըն է, որ հեշտութեամբ կրնայ չարաշահուիլ նոյն ժողովին մասնակցող եկեղեցականներու կողմէ։
Արդ, անհրաժեշտ կը նկատուի ստեղծել հեղինակաւոր եւ անկախ մարմին մը, որ պարտի կազմուիլ աշխարհական գործիչներէ։ Այս մարմինը, կաթողիկոսին եւ տեղապահին վերագրուող իրաւասութիւններէն բացի, պէտք է ունենայ եկեղեցական կեանքին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի պարագային,– հակառակ կաթողիկոսի ընդդիմութեան կամ վերապահութեան,– Ազգային-եկեղեցական ժողով հրաւիրելու լիազօրութիւն: Սոյն մարմինը կը ձեւաւորուի յաջորդ Ազգային-եկեղեցական ժողովին ու կը դառնայ անոր ենթակառոյցը։
Հայ եկեղեցին չունի պետութեան հետ կնքուած համապատասխան պայմանագիր՝ քոնքորտաթ[4],ինչպէս ան գոյութիւն ունի մասնաւորաբար Վատիկանի եւ շարք մը ինքնիշխան պետութիւններումիջեւ։
ՀՀ սահմանադրութեան մէջ կրօնական կազմակերպութիւններուն, ընդսմին Հայ եկեղեցիինվերաբերեալ յօդուածները անոնց ամենեւին պետութեան մէջ պետութիւն մը ըլլալու կարգավիճակչեն շնորհեր։
Հայ եկեղեցին, այս պարագային Մայր աթոռ սբ. Էջմիածինը, Վատիկանի նման եկեղեցապետութիւն մը չէ եւ պէտք չէ որ ըլլայ՝ պահելու համար իր ազգային, հոգեւոր-բարոյական նկարագիրն ու գերազանց կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս այդ մասին ամրագրուած է ՀՀ սահմանադրութեան «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին» առանձին խորագիրը կրող 18-րդ յօդուածի առաջին համարին մէջ.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու՝ որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում»[5]:
ՀՀ սահմանադրութեան մէջ նշուած պետութեան կողմէ երաշխաւորուած կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնը եւ պետութենէն անջատ ըլլալու փաստը կամայականութիւն չի նախադրեր։ Հայաստանի մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններու, ընդսմին Հայ եկեղեցիին հոգեւոր առաքելութիւնը իրաւունք չի վերապահեր պետական-քաղաքական ներքին գործերուն միջամտելու եւ հակառակը՝ պետութիւնը կամ օրուան քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներգրաւուելու Եկեղեցւոյ դաւանաբանական, ծիսական եւ հովուական հարցերուն մէջ։
Ամփոփելով՝ Հայ առաքելական եկեղեցիին նման ազգային-ժողովրդական կառոյց մը պէտք չէ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց կառչած մնայ իր երբեմնի հաստատութենական, միապետական անզիջող դիրքերուն։ Ժամանակակից կեանքը կը բնութագրուի ընկերային-հասարակական, գիտական, ճարտարագիտական եւ արհեստական բանականութեան ասպարէզներու աննախընթաց նուաճումներով, որոնք շարունակաբար աճող եւ նոր մարտահրաւէրներ կը յղեն աւանդական կառոյցներուն՝ դնելով ազգերն ու ժողովուրդները աննախադէպ յառաջընթացի եւ ինքնորոշման լայն հորիզոններու առջեւ։ Ինչքան ալ Եկեղեցին ճիգ գործադրէ իր խօսքը հաղորդակից դարձնել արդի սերունդին, միեւնոյն է, աւանդական շատ մը երեւոյթներ այնուհետեւ ընկալելի չեն հասարակութեան լայն խաւերուն։ Ժողովրդավարական-սահմանադրական հանրապետութեան մէջ, ուր թափանցիկութիւնը, մասնակցութիւնը եւ բազմակարծութիւնը ընկերային-հասարակական կեդրոնական արժէքներ են, չափազանց կարեւոր է, որ Եկեղեցիէն ներս որոշումներու կայացումը նոյնպէս դառնայ աւելի ժողովրդավարական եւ ոչ թէ աւանդական կառոյցներէ կառչած կայանայ բացառաբար միապետական, նուիրապետական եւ, իսկութեան մէջ, կղերապետական սկզբունքով։
Առ այս անհրաժեշտ է, որ որոշակի սահմանափակուի կաթողիկոսի միահեծան հեղինակութիւնը։ Այսօրուան վիճակով փաստօրէն Եկեղեցիէն ներս որոշումներ կայացնողը բացառաբար ինք է, իսկ իր շուրջբոլորը գտնուող կառոյցները բառացիօրէն իրեն ենթակայ եւ, խորքին մէջ, իրեն սպասարկող մարմիններ են։ Վկայութիւն մը չունինք, որ այսպէս կոչուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կամ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովներէն մէկուն մէջ որեւէ եպիսկոպոս կամ աշխարհական ներկայացուցիչ հակադրուի կաթողիկոսի թէկուզ ամենաանհեթեթ որոշումին կամ կամայական ցանկութեան։ Իսկ անոնք, որոնք համակարծիք չեն, բայց չեն բարձրաձայներ իրենց անհամաձայնութիւնը՝ լռելեայն սատարողներ կը հանդիսանան նուիրապետական բրգաձեւ կառոյցին, վերէն-վար թելադրուող հրահանգներուն եւ միահեծան հեղինակութեամբ կայացուած որոշումներուն։ Սոյնը ենթադրել կու տայ, որ Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները մեծաւ մասամբ, թերեւս ամբողջութեամբ, կաթողիկոսին ենթակայ պաշտօնակատարներ են եւ, հետեւաբար, հիմնականին մէջ ընդամէնը կախեալ, վարչական նուաստ դեր մը կը զբաղեցնեն Եկեղեցւոյ որոշումներ կայացնելու ընթացակարգին մէջ։
Իրականութեան մէջ կաթողիկոսն ալ եպիսկոպոս մըն է Եկեղեցւոյ նուիրապետական (սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս) եռաստիճան կարգին մէջ։ Ուստի ան, հակառակ իրեն շնորհուած մասնաւոր օծումին, «եպիսկոպոսապետ», «հայրապետ», «ծայրագոյն պատրիարք» եւ «կաթողիկոս» կոչումներուն, կը գլխաւորէ եպիսկոպոսաց դասը՝ որպէս primus inter pares, այսինքն՝ առաջինը պաշտօնով հաւասարներուն մէջ: Այսպէս, Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը չի կեդրոնանար մէկ անհատի ձեռքին մէջ, այլ հաւասարապէս կը տարածուի բոլոր եպիսկոպոսներուն վրայ՝ բարձրացնելով Եպիսկոպոսաց ժողովի հեղինակութիւնը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ վարչական կառոյցէն ներս։
Հայրապետական կոնդակներու վերտառութեան մէջ գործածուած «ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի» տիտղոսը պէտք է ճիշդ ընկալել եւ իրագործել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իշխանատենչութիւնը յարիր չէ հոգեւոր առաջնորդի ու սպասաւորի կոչումին։ Եկեղեցիին մէջ մեծութիւնը կ’իրականանայ խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան ճամբով։ Եկեղեցւոյ առաջին սպասաւորին գերազանց կարգախօսը պէտք է ըլլայ ծառայել, քան իշխել, քանզի Յիսուսի տիրաւանդ պատգամով ան կոչուած է ոչ թէ էութեամբ ըլլալու տէր, այլ ծառայ բոլոր հաւատացեալներուն եւ Հայ եկեղեցիին։ Այսպէս, վերոգրեալ կաթողիկոսի տիտղոսը կը խորհրդանշէ, որ Հայ եկեղեցիին անունով իրեն շնորհուած իշխանութիւնը ոչ թէ հարկադրող, այլ գերազանցապէս հոգացող եւ բառին բուն իմաստով որպէս հովիւ պատսպարող եւ առաջնորդող բնոյթ ունի։
Արդեօ՞ք կարիք կայ վերստին յիշեցնելու, որ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովը Հայ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական կառոյցին ամենահեղինակաւոր մարմինն է, որուն ճնշող մեծամասնութիւնը կազմուած է աշխարհական պատգամաւորներէ։
Հայ եկեղեցին ընդունած չէ «Պապական անսխալականութեան վարդապետութիւն»-ը, որ ԺԹ. դարուն որդեգրեց Կաթողիկէ եկեղեցին Վատիկանի Ա. ժողովին մէջ։ Հայ ժողովուրդը դարերու հոլովոյթին մէջ որքան ալ մեծարած, նոյնիսկ սրբացուցած ըլլայ իր հոգեւոր առաջնորդը՝ զայն բնաւ եւ երբեք չէ նկատած անսխալական կամ անձեռնմխելի անձնաւորութիւն։ Եւ յետոյ, ի՞նչ կը նշանակէ «ցկեանս»։ Եկեղեցւոյ մէջ ցմահ պաշտօնավարութեան գործընթացը նոյնպէս արժանի է քննադատական մտածողութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր մէկը ընտրել «ցմահ», այսինքն զինք պաշտօնի վրայ պահել մինչեւ անոր վախճանը: Այս հնաբոյր սովորոյթը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ. արդեօ՞ք նման կառուցուածք մը իսկապէս կը նպաստէ եկեղեցական կեանքի բարենորոգման եւ կենսունակութեան, թէ՞ փոխարէնը չի յանգեցներ կորդացման ու հաստատութենական կաթուածահարութեան: Ժամանակակից, աշխուժ հասարակութեան մէջ կանոնաւոր հաշուետւութիւնը, տարիքային սահմանափակումները եւ անձնակազմի թարմացումը կը համարուին ժողովրդավարական կարեւորագոյն սկզբունքներ, իսկ ցմահ պաշտօններու կառչիլը կը թուի միանգամայն ժամանակավրէպ: Այս լուրջ հակասութիւնն ու անհամապատասխանութիւնը պէտք է անպայման զգօն քննարկումներու եւ Եկեղեցիէն ներս հնարաւոր բարեփոխումներու առիթ դառնան։
Եկեղեցիէն ներս աւելի մեծ մասնակցութիւն ձեռք բերելու եւ համատեղ որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւններու ընձեռումը, օրինակ՝ աշխարհիկ մարմիններու ներգրաւումով, հաւատացեալներու հետ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններով եւ հաշուետւութեան թափանցիկ մշակոյթով, Եկեղեցին ոչ միայն կ’ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ իր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ ունեցած դերն ու նշանակութիւնը, նաեւ համապատասխան ճանաչումը։ Միայն այն եկեղեցին, որ կաշիէ խունացած աչապահներով չի փակեր իր տեսադաշտը նոր ժամանակներուն դիմաց, նաեւ չի կռնծիր ժամանակի սկզբունքներէն թելադրուած մարտահրաւէրներուն առջեւ, ընդհակառակը՝ զանոնք ամենայն յանձնառութեամբ կը համարկէ իր առաքելութեան մէջ, կրնայ լրջօրէն ճանաչում ձեռք բերել եւ ընունուիլ որպէս հոգեւոր-բարոյական հեղինակութիւն ժողովրդավարական-սահմանադրական պետութեան եւ հասարակութեան մէջ։
Նկատի ունենալով Արցախի 44-օրեայ արիւնալի հակամարտութենէն ետք Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հարեւան Իրանի եւ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աճող անկայունութիւնը, բաց աստի՝ առկայ ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ իրավիճակը, ՀՀ քաղաքական իշխանութեան եւ Եկեղեցիին միջեւ կը պարտադրէ անմնացորդ ու ամբողջանուէր կառուցողական գործակցութիւն։ Հայ առաքելական եկեղեցին, որպէս երկրի ամենահին հաստատութիւններէն մին, կը վայելէ պատմական վստահութիւն եւ բարոյական հեղինակութիւն Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան լայն շերտերուն մօտ։ Պետութեան եւ Եկեղեցիին միջեւ գործակցութիւնը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, առողջ եւ կառուցողական երկխօսութեան, պարտականութիւններու յստակ բաժանման եւ ընկերային-հասարակական համախմբուածութեան ընդհանուր նպատակի վրայ, ստոյգ, մեծապէս կը նպաստէ երկրի ներքին կայունութեան՝ մասնաւորապէս ներկայի լուրջ եւ անկանխատեսելի վտանգ ներշնչող ժամանակահատուածին մէջ։
Եկեղեցին պէտք է գործէ որպէս մշակութային ինքնութիւն ձեւաւորող ուժ՝ չմիջամտելով պետութեան կայացուցած քաղաքական որոշումներուն, իսկ պետութիւնը իր կարգին պարտի գնահատել Եկեղեցիին դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ,– արդարեւ փաստ մը, որ վերոգրեալ տեսանք ՀՀ սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածով,– անոր ոչ միայն անցեալին, այլեւ ներկայիս բերած բարոյական, հոգեւոր եւ մշակութային անուրանալի ներդրումներուն համար։ Յատկապէս աշխարհագրական այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, ինչպիսին են այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքն ու ընդհանրապէս Կովկասը, ուր կրօնական եւ քաղաքական լարուածութիւնները առաւել եւս սրած են, աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւնները եւ ազգաշէն գործակցութիւնը էական գործօններ են ազգային դիմադրողականութեան ամրապնդման համար:
Հակառակ պարագային ապարդիւն պիտի ըլլան խուճապն ու սարսափի բոլոր ճիչերը՝ «Hannibal ad portas!» «Հանիպալ [իմա՛ թշնամին կը գտնուի] դարպասներուն մօտ», երբ չարաբաստիկ օր մը մեր անհանդուրժողութեան, անմիաբանութեան ու ինքնակործան վրէժխնդրութեան հետեւանքով պետութիւն եւ եկեղեցի, ազգ եւ հայրենիք բաժին դառնան անարգ թշնամիներու։
Դոկտ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան
Ժընեւ, 22 յունիս 2025
Բ․ կիրակի զկնի Հոգեգալստեան – Տօն է կաթուղիկէ եկեղեցւոյ սրբոյ Էջմիածնի
_______
[1] Տե՛ս https://www.armenianchurch.org/hy/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%20%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE/
[2] Տե՛ս Էջմիածին ամսագիր, Դ, 1995, էջ 43–45։
[3] Տե՛ս https://www.armenianchurch.org/hy/sections/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%20%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE/2017-%D5%A9-%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%AF%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D6%81%D5%B8%D6%82%D6%81%D5%B9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%AA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE%D5%AB-%D5%A8%D5%B6%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A1%D5%AE-%D6%83%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D6%82%D5%B2%D5%A9%D5%A8
[4] Քոնքորտաթը միջազգային պայմանագիր է Սուրբ աթոռի (այսինքն՝ Հռոմի պապի կամ Վատիկանի) եւ ինքնիշխան պետութեան միջեւ: Քոնքորտաթի նպատակն է սահմանել պարտադիր կանոնակարգեր այդ երկրէն ներս Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին համար:
[5] Նոյն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։