Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան Միացեալ Թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանին մէջ ունեցած հանդիպումներուն տեղեկութիւններ հաղորդած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումի անտեսման եւ Պաքուի իշխանութիւններու վերջին գործողութիւններուն վերաբերեալ։
Ան ներկայացուցած է նաև Հայաստանի և Ազերպայճանի միջև խաղաղութեան պայմանագրին բանակցային գործընթացը։
Մարուքեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ բրիտանական Ճոն Սմիթ հիմադրամի ու Ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան կառուցման կեդրոնի հրաւէրով Օքսֆորտի եւ Լոնտոնի մէջ մասնակցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկումներուն։