Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Պատիժներ ռուս-ազերպայճանական նաւթային շրջանցման ցանցի մը դէմ

Բրիտանական կառավարութիւնը պատիժներ սահմանած է Coral Energy Group ընկերութեան եւ անոր ղեկավարներուն դէմ, որոնք կ՚ամբաստանուին ազերպայճանական քօղի տակ ռուսական նաւթի վաճառքը դիւրացնելու մեղադրանքով։ Լոնտոն կը պնդէ, թէ ընկերութիւնը կը գործէ Մոսկուայի համար ռազմավարական ոլորտի մը մէջ եւ անուղղակի կը սատարէ անոր, Ուքրաինայի դէմ մղած պատերազմին։

Բրիտանական կառավարութիւնը պատիժներ սահմանած է նաեւ ռուսական «ստուերային նաւատորմի» 100 նաւթատար նաւերու դէմ, ներառեալ ազերպայճանական Զանգեզուր նաւթատարին։ Այս նաւը, որ կը պատկանի ազերպայճանական պետական ընկերութեան մը (ASCO), կը կարծուի թէ փոխադրած է ռուսական նաւթ, որ Թուրքիոյ մէջ վերամշակուելէ ետք՝ վաճառուած է Եւրոպական Միութեան մէջ՝ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող STAR վերամշակման գործատան միջոցով։ Փորձագէտներու կարծիքով, վերամշակուած նաւթի աւելի քան 90 տոկոսը ռուսական ծագում ունի։

Այս ռազմավարութիւնը Պաքուին կը թոյլատրէ շրջանցել Մոսկուայի դէմ եւրոպական պատիժները՝ միաժամանակ ապահովելով նշանակալից շահեր։ Global Witness հասարակական կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ Ազերպայճանը՝ որպէս «Փութինի նաւթը Եւրոպա հասցնող յետնամուտք»։

Լոնտոն կը զգուշացնէ, որ եթէ Պաքու չփոխէ իր վարքը, անոր ուժանիւթային քաղաքականութիւնը կրնայ լուրջ խոչընդոտներու առջեւ կանգնիլ։ Միեւնոյն ժամանակ, BP ընկերութիւնը դադրեցուցած է գնումը այն նաւթին, որ կը կարծուի, թէ ռուսական հումքով արտադրուած է։ Պաքուն, առայժմ, լռութիւն կը պահպանէ։

Այս գայթակղութեան բացայայտումը տեղի կ’ունենայ այն պահուն, երբ Ալիեւ Թիրանայի մէջ եւրոպացի ղեկավարներուն հետ հանդիպում կ՚ունենար։ 

2022-ին ստորագրուած համաձայնագիրը կը նախատեսէ, որ Ազերպայճան կրկնապատկէ կազի արտածումը դէպի Եւրոպական Միութիւն մինչեւ 2027 թուականը. նպատակ մը, որ դժուար է իրագործել առանց ռուսական կազի օգտագործման։