ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Մայիս 21-ին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործոց յանձնաժողովի ունկնդրութեան ընթացքին՝ ի միջի այլոց, պատասխանած է Նիւ Ճըրզիի հանրապետական ներկայացուցիչ Քրիս Սմիթի եւ Գալիֆորնիոյ դեմոկրատական ներկայացուցիչ Ճիմ Քոսթայի հարցումներուն։
Անոնք Ռուպիօն հարցապնդած են Ազերպայճանի շարունակական յարձակողականութեան, եւ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ապօրինի բանտարկութեանց մասին։ Անոնցմէ Սմիթ ուղղակի դատապարտած է Իլհամ Ալիեւը, զայն «բռնապետ» կոչելով եւ ԱՄՆ-էն արագ միջամտութիւն պահանջած է։
Մարքօ Ռուպիօ ի պատասխան՝ յայտարարած է, թէ Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի Ազերպայճանի յարձակումը կանխելը Թրամփ-Վանս վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է։
Ան աւելցուցած է, թէ այս առումով ալ՝ իր երկրին կարեւորագոյն նպատակն է երկու կողմերուն միջեւ հաստատել խաղաղութիւն, քանի որ ըստ անոր՝ առկայ է զինեալ բախումի իրական վտանգ։ Ռուպիօ հաւաստած է, թէ Ամերիկա գործուն կերպով ներգրաւուած է ազերպայճանական հաւանական զինեալ միջամտութիւն մը կանխելու ջանքերու մէջ։
Ան նաեւ կարեւոր համարած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը, շեշտելով որ մարդկային իրաւունքները ԱՄՆ-ու մօտեցումին առանցքը կը կազմեն, թէ՝ հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը ԱՄՆ-ու դիւանագիտական ջանքերուն կարեւոր մէկ բաղադրիչն է։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է Թրամփ-Վանս վարչակազմի՝ ազերպայճանական յարձակումը կանխելու եւ հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը ապահովելու միտող ջանքերը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։