Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Փրանկիսկոս Պապը Հրամանատար ասպետի շքանշանով պարգեւատրած է իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի Ապրիլ 13-ին հրապարակած մամլոյ հաղորդակցութեան համաձայն՝ հայ համայնքի ծանօթ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան պարգեւատրուած է Փրանկիսկոս պապի Հրամանատար ասպետի շքանշանով:

2023 Ապրիլ 10-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ տաճարին մէջ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Ս. Սիլվեստրի Հրամանատար ասպետի բարձր շքանշանով եւ Պապական հրամանագրով պարգեւատրուած է Լոս Անճըլըսի ազգայիններէն՝ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան:

Ան գլխաւոր գործընկերն է Կլենտէյլ քաղաքի «Դանիէլեան, ԼըՔրոյ եւ Գոլանճեան» իրաւաբանական ընկերութեան եւ աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող գործունէութիւն ունի հայ հասարակական կեանքին մէջ, Իրանէն Միացեալ նահանգներ:

Սրբազան քահանայապետին կողմէ շնորհուած հրամանագիրն ու շքանշանը Ա. Դանիէլեանին յանձնած է թեմակալ առաջնորդ՝ Միքայէլ եպիսկ. Մուրատեան: 

Ս. Սիլվեստր Ա. Պապը (314-335) ծանօթ է ղեկավարութեան իր յատուկ ձիրքերով՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ ամենատագնապալից ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին:

Պարգեւատրումը կատարուած է առ ի գնահատանք՝ Դանիէլեանի «նուաճումներուն ու աշխարհի մէջ դրական ազդեցութիւն թողելու անոր յանձնառութեան»: Հրամանատար ասպետի կարգն ու շքանշանը կը տրուին աշխարհականներու՝ Եկեղեցւոյ ու հանրութեան իրենց մատուցած յատկանշական ծառայութեանց համար:

“Ես խորապէս զգածուած եմ ու երախտապարտ՝ Պապին, ինծի շնորհած այս մեծ պատուին համար: Նոյնպէս երախտագիտութեան խօսք ունիմ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր տիրոջ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքին՝ զիս Սրբազան քահանայապետին ներկայացուցած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Արհիապատիւ Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանին, այս անմոռանալի պաշտօնական արարողութեամբ շքանշանն ու հրամանագիրը ինծի յանձնելուն համար”,– ըսած է մեծարեալը:

Արսէն Դանիէլեան ծնած է Թեհրան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1979-ին: Իրաւագիտութեան դոկտորի կոչումը 1984-ին Լավըրն Համալսարանէն ստանալէն ետք, անցած է իրաւաբանական աշխատանքի, Լոս Անճըլըսի շրջանին մէջ: 1991-ին միացած է Halstead, Baker & Olson իրաւաբանական հաստատութեան, որմէ ետք, իբրեւ հիմնադիրներէն մէկը՝ կազմած է Baker, Olson, LeCroy & Danielian իրաւաբանական հաստատութիւնը:

Նշենք, որ Փրանկիսկոս պապի Հրամանատար ասպետի շքանշանը Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրագոյն շքանշաններէն է: