Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) Յունուար 16-ին հրատապ ծանուցագիր յղած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովին՝ Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու մասին 2022 Դեկտեմբեր 21-ի իր որոշումին՝ Ազերպայճանի կողմէ իրագործումը վերահսկելու նպատակով:
Այս մասին տեղեկացուցած են Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակէն։
Դեկտեմբեր 21-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը ընդառաջած էր Հայաստանի պահանջին եւ պարտադրած Ազերպայճանը ապահովելու միջանցքով բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճամբուն վրայ անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ փոխադրութիւնը։
2022 Դեկտեմբեր 22-ին, Ազերպայճան դիմած էր Եւրոպական ատեան՝ պահանջելով ջնջել իր դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու որոշումը, միաժամանակ՝ միջանկեալ միջոցներ պարտադրել Հայաստանին Պաքու կը պահանջէր «ձեռնարկել Հայաստանի իրաւասութենէն բխող բոլոր միջոցներուն` Ռուսաստանի խաղաղապահներու առժամեայ տեղակայման վայրը գտնուող Ազերպայճանի տարածքին բժշկական անյետաձգելի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց համարժէք բուժման համար, խուսափելով այս ուղղութեամբ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ»:
Ի պատասխան Ազերպայճանի դիմումին` Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակը 2022 Դեկտեմբերին եւ 2023 Յունուարին Ատեանին յղած էր պարբերաբար թարմացուած տեղեկութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր վիճակին մասին։ Հայկական կողմը Եւրոպական ատեանէն պահանջած էր անյապաղ ծանուցագիր ղրկել Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովին՝ Եւրոպական ատեանի 2022 Դեկտեմբեր 21-ի որոշումին՝ Ազերպայճանի կողմէ չգործադրուելուն վերաբերեալ:
«Եւրոպական ատեանը, նկատի առնելով կողմերու ներկայացուցած փաստարկները, Յունուար 16-ին մերժած է Ազերպայճանի պահանջները ամբողջութեամբ, 2022 Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը ձգելով ուժի մէջ»,– նշուած է Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ատեանը մերժած է նաեւ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին Ազերպայճանի պահանջը: