Ապրիլ 6-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ տեղի ունեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ։ Եւրոպական խորհուրդի այս նախաձեռնութիւնը արդեօք նախերգա՞նք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի թաղման արարողութեան։ Այս կը նշէր նաեւ երկու օր ետք Ապրիլ 8-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին կատարած ուշագրաւ յայտարարութիւնը, թէ՝ «ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եռանախագահութեան գործունէութեան… ապագային՝ չեմ գիտեր, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը, քանի որ այդ խումբին մեր ֆրանսացի եւ ամերիկացի, այսպէս կոչուած՝ գործընկերները, ռուսատեացութեան տենդէ տառապելով՝ կը ձգտին չեղեալ համարել ամէն ինչ, որ կապուած է Ռուսաստանի հետ, չեղեալ համարելով նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եռանախագահութիւնը, յայտարարելով որ՝ պիտի չշարունակեն մեզի հետ շփումները, այդ ձեւաչափով»։
Սակայն, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան անմիջապէս հակազդեցին Մինսքի խումբի համանախահ միւս երկու երկիրները՝ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ։ Ֆրանսա Ապրիլ 11-ին փութով Երեւան ղրկեց Մինսքի խումբի իր բանագնաց Պրիս Ռոքֆէօյը, որ հանդիպում ունենալով նախարար Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, վերահաստատեց Մինսքի խումբին յանձնառութիւնը՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով։
Նոյնպէս Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը արձագանգելով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարին վերոնշեալ յայտարարութեան՝ յայտնեց ԱՄՆ-ու պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ սահմանագծման աշխատանքին օժանդակելու. «մենք կ՚ողջունենք Պրիւսէլի մէջ Ապրիլ 6-ին վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպումը, ինչպէս նաեւ այդ հանդիպման ընթացքին՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ սահմանագծումի երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորման դրական քայլը. Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման գործընթացին, Հարաւային Կովկասի մէջ»։
Հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու երկփեղկումին՝ Ֆրանսա – ԱՄՆ ընդդէմ Ռուսաստանի, մէկ բան որ դրական է, այն է որ՝ երկու կողմերն ալ կարեւոր կը նկատեն Մինսքի խումբին ձեւաչափը Արցախի կարգավիճակի սահմանումի եւ Հայաստանի սահմանազատման գործընթացին մէջ, ի հեճուկս Ազէրպայճանի որ՝ այլեւս կը մերժէ այդ խումբին իրաւասութիւնը, Արցախի հարցը լուծուած համարելով։ Իսկ Հայաստան, իր Արտաքին գործոց նախարարին բերնով կը շարունակէ շեշտել, որ Մինսքի խումբը Արցախեան հարցի կարգաւորման միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափն է, հակառակ աշխարհաքաղաքական դժուարին իրադրութեան։
Բացի Ազէրպայճանէն, որեւէ կողմ կասկածի տակ չի դներ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։ Դիւանագիտութեան այս խորտուբորտ ճանապարհը նպաստաւոր է հայկական կողմին՝ պահանջելու համար Արցախի Հայութեան անվտանգութիւնը եւ անկախութեան ճանաչումը։ Սակայն, յստակ է նաեւ որ Արեւմուտքը լաւ գիտէ՝ անկարելի է փոխարինել ռուսական խաղաղապահ բանակը արեւմտեան ուժերով, այսուհանդերձ, բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ ճնշումներ բանեցնելու՝ Ռուսաստանի դիրքերը թուլցնելու համար։ Եւ անկասկած, Եւրոպական խորհուրդի գործունէութիւնը պէտք է դիտարկել այս համածիրին մէջ։
Ժ.Չ. ■