Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը AECID 100 հազար եւրօ կը յատկացնէ՝ 2020-ին Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած հազարաւոր մարդոց աջակցելու, կենսապայմանները բարելաւելու համար: Լուրը հաղորդած է COPE ձայնասփիւռը, նշելով, որ AECID-ը համաձայնած է վերոնշեալ գումարի չափով ներդրում կատարել, օժանդակելու «Գործողութիւն սովի դէմ» կազմակերպութեան, որ իր կարգին կը զբաղի Սիւնիքի տեղահանուած բնակչութեան կենցաղային հարցերով։ Նպատակն է՝ յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին նիւթապէս, ինչպէս նաեւ հոգեբանական եւ ընկերային ուշադրութեամբ աջակցիլ շուրջ 250 տեղահանուած ընտանիքներուն։
Գործակալութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ կան շուրջ հազար շատ կարիքաւոր տեղահանուածներ, որոնք նիւթական աջակցութիւն կը ստանան՝ հոգալու համար իրենց հրատապ լուծում պահանջող կարիքները:
Ծրագիրը կը կեդրոնանայ յատկապէս յղի եւ ստնտու կինանց, բազմազաւակ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Գորիսի 13 սահմանամերձ համայնքներուն մէջ բնակող հաշմանդամ անձանց վրայ:
Բացի ատկէ, ծրագրի շրջածիրին մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Գորիս գործող «Գործընկերութիւն եւ ուսուցում» կազմակերպութեան միջոցով, 100 տեղահանուածներու, որոնք հոգեբանական աջակցութեան կարիք ունին: