Փետրուար 23-ի յետմիջօրէին, Արարատ Միրզոյեան ժամանած է Հալէպ, երկրաշարժին հետեւանքով Հայաստանէն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած շուրջ 40 թոն մարդասիրական օժանդակութեան 3֊րդ բեռնատար օդանաւով։
Հալէպի միջազգային օդակայանին մէջ նախարարը դիմաւորած է Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ։
Նախարարը կարճ հանդիպում մը ունեցած է Հալէպի նահանգապետին հետ օդակայանի պաշտօնական հիւրերու դահլիճէն ներս։
Այնուհետեւ Միրզոյեան իր պատուիրակութեան հետ այցելած է Հայաստանի որոնողափրկարարական խումբի աշխատանքի վայր, Հալէպի «Շաար» թաղամաս, ուր իրազեկ դարձած է երկրաշարժի յառաջացուցած աւերներուն, մարդկային աղէտին եւ կատարուած փրկարարական աշխատանքներուն։
Նախարարին այցելութեան վերջին կայանը Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան կեդրոնը եղած է, ուր Միրզոյեան ծանօթացած է խումբի աշխատանքին։
Նախարար Միրզոյեանին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմած են Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։