Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մրցոյթ՝ Լիոնի եւ Վալանսի մէջ կայանալիք համերգներուն մասնակցելու նպատակով

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութիւնը, «Ֆրանս-Աշտարակ» ֆանքեւհայկական մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի «Ալեքսէյ Հեքիմեան» երաժշտական դպրոցը կը յայտարարեն մրցոյթ՝ «զուգորդուած դպրոցներ» ծրագրի շրջանակին մէջ, 2025 Հոկտեմբերին Լիոն եւ Վալանս քաղաքներուն մէջ կայանալիք համերգներուն մասնակցելու նպատակով:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու աշակերտները՝ դաշնակի, ջութակի, փողային գործիքներու, ազգային նուագարաններու, մեներգեցողութիւն ճիւղերուն մէջ։

Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է մինչեւ Մայիս 23 ներկայացնել տեսահոլովակի առցանց յղումը (Youtube հարթակի յղում): Ծրագրի մասնակցութեան բոլոր ծախսերը կը հոգան կազմակերպիչները:

Մասնակցութեան պայմանները՝ https://escs.am/am/news/29104