Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Յանձնառու եւ նուիրեալ մտաւորականներ

 

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը 2022-ի Ֆոնեթոնին համար երկու բացառիկ «կնքահայր»-եր (parrains) ընտրած էր, որոնք պէտք է ըսել որ սիրայօժար ընդունած էին իրենց ուղղուած հրաւէրը՝ Սիլվէն Թեսոն, մտաւորական, գրող, ճանապարհորդ եւ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխ-խմբագրապետ։ Երկու ընկերներ, որոնք կը միացնեն աշխատանքը, լրագրութիւնը, քաղաքական հայեացքները, մշակոյթներու պատմութիւնը եւ Հայաստանի հանդէպ համակրանքը, սէրը։ Մի քանի անգամ Հայաստան այցելած ըլլալով,– մասնաւորապէս 2020-ի պատերազմէն ետք,– շատ լաւ կը պատկերացնէին թէ՝ որոնք են Հայաստանի եւ Արցախի կարիքները։ Այս առումով շատ ճիշդ ընտրութիւն մըն էր, թէ՛ իբրեւ հանրաճանաչ դէմքեր եւ թէ՛ իբրեւ ականատեսներ, Հայաստանցիներու խնդիրներուն, ցաւին ու մարտահրաւէրներուն մօտէն ծանօթ։ Կար նաեւ երրորդ եւ շատ կարեւոր ազդակ մը, որ եզակի կը դարձնէր անոնց ընտրութիւնը, հայկական մշակոյթի հանդէպ անոնց սէրն ու յարգանքը, Հայաստանի քաղաքակրթական ձեռքբերումը, անոր գնահատումը եւ աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն պատճառով Հայաստանի գոյութեան սպառնացող վտանգներու գիտակցութիւնը։ 

Ինչպէս իրենք եւս կը խոստովանին, Հայաստանի հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը կը բխի ոչ միայն հայկական մշակոյթը պաշտպանելու ցանկութենէն, այլեւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի ապագային նկատմամբ իրենց խոր մտահոգութենէն, Հայաստան մէկ մասնիկը ըլլալով քրիստոնեայ մեծ ընտանիքին. հետեւաբար, Հայաստանի դէմ սպառնալիքը՝ սպառնալիք է Եւրոպայի դէմ, Եւրոպայի ապագային, եւրոպական մշակութային ու մարդկայնական, ժողովրդավարական արժէքներուն, որոնք կը սերին քրիստոնէական անցեալէն ու մշակոյթէն։ 

Անդրադառնալով Ուքրաինայի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ յարձակումներուն՝ երկու բռնատիրական իշխանութեան կողմէ, Արեւմուտքի որդեգրած երկու չափ–երկու կշիռի ռազմավարութիւնը շատ մտահոգիչ կը գտնեն անոնք, երբ մէկ կողմէ կը դատապարտուին Ռուսաստանի նախագահ Փութինի կայսերական նկրտումները եւ անմարդկային կոյր ռմբակոծումները, եւ միւս կողմէ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի ցեղապաշտական եւ քրէապէս դատապարտելի յարձակումներուն հանդէպ ներողամիտ կեցուածք կ՚որդեգրուի, անոր հետ տնտեսական յարաբերութիւնները կը խթանուին։ Եւ շատ կարեւոր նրբութիւն մը, որ դիտել կու տան «կնքահայր»-երը, Փութինի եւ Ալիեւի յարձակումներուն իւրայատկութիւններուն անդրադառնալով, մինչ Փութին Ուքրաինայի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն կ՚ուզէր պարտադրել, Ալիեւ կ՚ուզէ անհետացնել Արցախը եւ Արցախահայութիւնը, Հայաստանը երկուքի բաժնել, մաս առ մաս գրաւել մինչեւ Երեւան, ծրագիր մը որուն ան յաճախ կ՚ակնարկէ եւ որուն բուն բնութագրումն է՝ ցեղասպանութի՛ւն։ 

Վերջապէս, երկու «կնքահայր»-երը յանձնառու ու նուիրեալ դէմքեր են. Ս. Թեսոն 2022 Սեպտեմբերի ազերական յարձակումէն ետք Հայաստան այցէն վերադարձին նախագահ Մաքրոնին բաց նամակ մը յղած էր, անոր կոչ ընելով որ Հայաստանի պաշտպանութիւնը ստանձնէ։ Եւ նախագահ Մաքրոն հեռատեսիլէն պատասխանած էր, նշելով որ Ֆրանսա միշտ Հայաստանի կողքին եղած է։ Իսկ Ժ.-Ք. Պիւիսոն գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ Թուիթըրի իր էջին վրայ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի վրայ Ալիեւի յարձակումներուն եւ հրադադարի խախտումներուն, Ֆրանսայի լրատուական դաշտին ստիպելով որ՝ ազերական յարձակումներուն ճիշդ արձագանգէ եւ հասցէական ճիշդ բնորոշում տայ։ Եւ ինչպէս ինք եւս կը խոստովանի՝ այս աշխատանքը կը կատարէ պատմութեան համար, իրականութենէն ամէնօրեայ հետք մը ձգելու, գիտակցութիւնները արթնցնելու, որովհետեւ Հայաստանի ապագային սպառնացող վտանգը իրապէս մեծ է։

Այս տարի Հիմնադրամին նպատակը ըլլալով սահմանամերձ գիւղերու օգնութիւնը,– որոնք շուրջ հարիւր տասը հատ են,– «կնքահայր»-երուն աչքառու եւ ականատեսի ինքնատիպ վկայութիւնները, ապրումներն ու հայեացքները կարեւոր էին դրամահաւաքին նոր թափ եւ ուժ տալու առումով, եւ արդիւնքը նկատելի էր եւ գոհացուցիչ, մա՛նաւանդ նկատի առնելով միջազգային տնտեսական ճգնաժամը, գնաճը եւ ապագայի հանդէպ ժողովուրդին անորոշութիւնը։

Այս նախաձեռնութեամբ Հիմնադրամի դրամահաւաքի գործունէութիւնը ստացաւ նաեւ քաղաքական կշիռ, առանց քաղաքականացնելու երեւոյթը։ Կարեւոր է ֆրանսական հասարակութիւնը իրազեկ պահելը Հայաստանի հանդէպ թուրքեւազերական անարդարութիւններուն մասին։ Քաղաքական առողջ խօսքը անհրաժեշտ է Ֆրանսայի շրջանային խորհուրդներուն, քաղաքապետարաններուն համար եւս, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը ունին Հայաստանի վերականգնումին, ենթակառոյցներու զարգացման եւ փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու նեցուկ կանգնելու գործին մէջ։

Ժ.Չ. ■