Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրամանագրով մը պաշտօնանկ ըրաւ Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Փետրուար 23-ին տեղի ունեցած է կառավարութեան լիագումար նիստ։

Երկրին ղեկավարը ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական իրավիճակը, իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուող քայլերը` ծագող խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ: 

Նիստին՝ նախագահ Յարութիւնեան հրապարակած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը Պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին հրամանագիրը։ Ան բարձր գնահատած է Վարդանեանի ջանքերը թէ՛ Արցախը միջազգային հանրութեան աւելի մօտէն ծանօթացնելու եւ թէ՛ շրջափակման ընթացքին ներքին բազմաթիւ հիմնախնդիրները լուծելու առումով:

“Այս ողջ ընթացքում ես եւ Ռուբէն Վարդանեանը եղել ենք միասին՝ ամէնօրեայ կարգովհետեւելով թէ՛ Արցախի, թէ՛ արտաքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններին, զարգացումներին, մշտապէս մտքեր ենք փոխանակել ստեղծուած իրավիճակում լուծումների շուրջ: Ես շնորհակալ եմ պարոն Վարդանեանին այն բանի համար, որ ինչպէս ընկերական, այնպէս էլ գործընկերային յարաբերութիւններում նա միշտ ձգտել է առաւելագոյն չափով ինձ հետ կիսել պատասխանատւութիւնը եւ ոչ թէ սահմանադրական չափանիշերին յղում անելով՝ փորձել այնբարդել ինձ վրայ: Բայց միւս կողմից նա գիտակցումով եւ ըմբռնումով էր մօտենում նաեւ Արցախում ստեղծուած վիճակի ու հետագայ բոլոր խնդիրների համար իմ անձնական պատասխանատւութեան ծաւալին ու չափին”,– ընդգծած է Յարութիւնեան աւելցնելով, թէ Պետական նախարարի պաշտօնը առաջարկած է Գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանին՝ նկատի առնելով վերջինիս մասնագիտական ու մարդկային յատկանիշերը, աշխատանքի մէջ ցուցաբերած արհեստավարժութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքային եւ պետականամէտ ըլլալը:

Նախագահը տեղեկացուցած է, որ նոր Պետական նախարարի համակարգման ոլորտին մէջ պիտի ըլլան բոլոր գործադիր մարմինները՝ բացառութեամբ ուժային մարմիններու եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան: 

Կառավարութեան նիստին Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած է ուղերձով զոր ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ հետեւեալ կապով՝  www.http://president.nkr.am/am/news/consultations/5726/?fbclid=IwAR0lSrc_y-Bf1EC7z714-5nPLz1WSs-eDdquOEoaFtzYXDVT682-G0NBLtY

Նշենք, թէ կառավարութեան նիստին իբրեւ բողոք չեն մասնակցած խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները՝ «Արդարութիւն» կուսակցութիւնը, ՀՅԴ Արցախի կառոյցը եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որոնք նախորդ օր հանդէս եկած էին միացեալ յայտարարութեամբ, ուր նշուած էր, թէ վերջին շրջանին Արցախի ներքաղաքական կեանքին մէջ աշխուժացած են արտաքին ազդեցութեան գործօնները, եւ այդ միջոցով կը փորձեն կոտրել Արցախի ժողովուրդի՝ իր ապագայի համար պայքարելու կամքը:

Խորհրդարանի մէջ «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գասպարեան յայտնած է, թէ կառավարութեան նիստին չմասնակցելով պատգամ յղած են իշխանութիւններուն, թէ Արցախի մէջ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները վտանգաւոր են եւ պէտք է զերծ մնալ Արցախը ցնցումներու ենթարկելէ։

“Օրուայ իշխանութիւնների որոշումները եւ Ազգային ժողովի այսօրուան (Փետրուար 23) լիագումար նիստի օրակարգը չի արտացոլում այսօր Արցախում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Այսօրուայ խորհրդարանը չի արտացոլում ժողովրդի տրամադրութիւնները ու չի վայելում ժողովրդի վստահութիւնը: Նման հարցեր քննարկելու համար այսօր ոչ-պատեհ առիթ էր: Մենք դրանով ցոյց ենք տուել, որ Արցախում ապրող ժողովրդի մտահոգութնւնները կիսում ենք”,– ըսած է Գասպարեան:

***

«ՆՅ» – Կարելի է միայն ափսոսալ ի տես դժբախտ նման որոշումի։ Ծանօթ է, որ Ալիեւ վերջերս բազմիցս կ՚արծարծէր Ռուբէն Վարդանեանի պարագան եւ այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ Պաքուի բռնակալին համար, իր իսկ խօսքով՝ «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչ»-ներուն հետ երկխօսութեան իբրեւ թէ միակ խոչընդոտը Վարդանեանի ներկայութիւնն էր Արցախ։ 

Յուսանք, թէ Արցախի իշխանութիւնները, կամ աւելի համապարփակ ըլլալու համար՝ հայկական կողմը, փակ դռներու ետին բանակցութիւններու ընթացքին՝ գոնէ ձեռք ձգած են վստահելի երաշխիքներ, եւ ոչ թէ յանձնուած են Ալիեւի մը երգած «յաւերժահարսերու երգ»-ին կանչին։