«Ազատութիւն» – Անցեալին Հայաստան բնակած Ազերիները միաւորող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի ղեկավար Ազիզ Ալեքպերլի Մարտ 13-ին պահանջած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բանակցութիւններ վարէ իր ղեկավարած կառոյցին հետ։
“Մենք կ՚ողջունենք Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ Ազերպայճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանը բնակող Հայերուն՝ շփումները շարունակելու վերաբերեալ ուղղուած հրաւէրը”,– նշած է Ալեքբերլի, աւելցնելով. – “Իբրեւ Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք՝ մենք քանի մը օր առաջ նամակ ուղարկեցինք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ապահովելու համար մեր անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը մեր հայրենի օճախները։ Կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՚արձագանգէ մեր նամակին եւ առաջարկներ կ՚ընէ բանակցութիւններ սկսելու համար”։
Նշենք, թէ Մարտի սկիզբը Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով յայտարարած էր, որ «Արեւմտեան Ազերպայճանի» հարցը պէտք է մաս կազմէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին։
“Երբ անոնք (Ազերպայճանցիները) վերադառնան այդ տարածքները, պէտք է ապահովուի անոնց անվտանգութիւնը եւ անոնց համար ստեղծուին ընկերա-տնտեսական պայմաններ։ Հայաստան կամաւոր կերպով պէտք է յանձն առնէ լուծել այդ հարցերը”,– Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) մէջ այդ նիւթով ունկնդրութիւններու ժամանակ յայտարարած էր Խալաֆով։
Քանի մը ամիս առաջ Ազերպայճանի մէջ ստեղծուած է «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք» քաղաքական նախաձեռնութիւնը, որու նպատակը, ըստ Պաքուի, հարիւր հազարաւոր ծագումով Ազերիներու Հայաստան վերադարձն է, ուր անոնք ժամանակին կը բնակէին։