Փարիզի Ծխական խորհուրդի նախկին նախագահ Գեղամ Թորոսեանէն ստացանք հետեւեալ նամակը՝ Ծխական խորհուրդի ընտրութեան անկանոնութիւններուն վերաբերեալ՝ «ՆՅ»-ի Յունուար 6-ի եւ 8-ի թիւերուն մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն մասին։
Ստորեւ նամակը, ֆրանսերէնէ թարգմանաբար.-
«Այս տարուան Յունուար 6-ի «Նոր Յառաջ»-ին եւ ֆրանսերէն յաւելուածին մէջ ձեր հայերէն եւ ֆրանսերէն խմբագրականները, ինչպէս նաեւ Յունուար 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած հայերէն յօդուածը զիս կը ստիպեն նշելու որոշ մանրամասնութիւններ, քանի որ Փարիզի Ծխական նոր խորհուրդը, որ ստեղծուած է 2021 Դեկտեմբերին, մինչ օրս զեկոյց չէ հրապարակած իր կայացման մասին։
Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով՝ Փարիզի ծխական համայնքի անդամներուն սովորական ընդհանուր ժողովը շատ յետաձգուեցաւ եւ չկայացաւ մինչեւ 2021 Դեկտեմբեր 5: Ան տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ, վերանորոգման մեծ աշխատանքները թոյլ տուած չըլլալով զայն կատարել “Նուրհան Ֆրէնկեան” սրահին մէջ: Այդ պատճառով ալ կարելի չեղաւ օգտագործել նիստերու ընթացքին սովորաբար գործածուող մեծ պաստառը, որուն վրայ կը սփռուին զանազան տեղեկութիւններ:
Ժողովը, որուն նախագահեց Առաջնորդական տեղապահ Հ. Կոմիտաս վրդ. Յովնանեան, տեւեց ժամը 14.40-էն 20.30։ Միաձայնութեամբ՝ ես նշանակուեցայ նիստի նախագահ, եւ Սարգիս Պետոյեան ալ նշանակուեցաւ քարտուղար։ Չեղաւ երկրորդ քարտուղարութեան թեկնածու եւ ոչ ալ դիմում եղաւ փոխնախագահութեան համար։
Ժողովը, սովորական քիչ թէ շատ աշխուժ փոխանակումներով, աւելի քան հինգ ժամ արտայայտուեցաւ օրակարգի տասնվեց կէտերուն շուրջ, եւ կատարուեցաւ թեկնածութեան կոչ՝ իր պաշտօնավարման շրջանի աւարտին հասած Ծխական խորհուրդի նորոգման համար։ Վերջին ամփոփումը կատարուեցաւ յետմիջօրէի աւարտին։ Ներկայացան 18 թեկնածուներ։ Նիստին դեռ ներկայ 62 անդամներ քուէարկեցին: Ժամը 20.20-ի շուրջ, քուէներու հաշուարկը,– երկու քուէաթուղթ անվաւեր նկատուեցաւ,– պարզեց հետեւեալ պատկերը առաջին տասնեակին համար.-
Սեւակ Էօզքուլ՝ 36 քուէ, Պետրոս Չիլչիլեան՝ 34 քուէ, Քնար Խաչատուրեան՝ 34 քուէ, Ալպրիք Տէր- Պօղոսեան՝ 32 քուէ, Սարգիս Պետոյեան՝ 32 քուէ, Մարկօ Գոգորեան՝ 31 քուէ, Շուշան Տուրեան՝ 29 քուէ, Րաֆֆի Մոնժիան՝ 29 քուէ, Պոկտան Առաքելեան՝ 27 քուէ, Սարգիս Տաճատեան՝ 27 քուէ։
Ինչ որ ես յայտարարեցի.-
Ես ընտրական յանձնաժողովին զեկուցեցի, որ միայն առաջին վեցը ստացած են քուէներու պարզ մեծամասնութիւն։ Ինծի ըսուեցաւ, որ ատիկա նկատի չառնեմ, եւ ես ալ այդ ուշ ժամուն՝ յոգնած եւ անգիտակից վիճակի մէջ՝ այս բոլոր թեկնածուները ընտրուած յայտարարելու լուրջ եւ աններելի սխալը գործեցի. տիրող ընդհանուր իրարանցումին մէջ, ոչ ոք միջամտեց սխալս սրբագրելու համար, մինչ շատ մը անդամներ ալ արդէն մեկնած էին։
Մենք նաեւ գործեցինք այլ սխալ մը՝ նոյն երեկոյեան, Ծուխին հոգեւոր հովիւին հետ, ըստ կանոնադրութեան՝ այս արդիւնքները հաստատող փաստաթուղթ մը չստորագրելու սխալը։ Ատիկա թոյլ պիտի տար անդրադառնալ իմ սխալին: Հետեւաբար, ես ալ նոյնպէս մեղաւոր եմ, եւ՝ անարդարանալի։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6-ին, ես կարճ զեկոյց մը յղեցի քանի մը հոգիի, որոնց մեկնումը նշմարեր էի յայտարարութենէս առաջ: Բարեբախտաբար, ոմանք անմիջապէս արձագանգեցին՝ այս ընտրութիւնները չեղեալ յայտարարելու համար։ Պարկեշտաբար, ես նորէն ալ ստորագրեցի այս սովորական ընդհանուր ժողովին ատենագրութիւնը, ուր կը նշուէր, թէ իրապէս ի՛նչ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 5-ին:
Մեր ծխական հոգեւոր հովիւին ելեկտրոնային հասցէի փոփոխութիւնը պատճառ դարձաւ որ՝ այս անկանոնութիւններուն մասին իմ երկու ելգիրերը անոր հասնին անուղղակի ճամբաներով, եւ շատ ուշ։
Ինչ ալ ըլլայ, յաջորդ սովորական ընդհանուր ժողովը վստահաբար պիտի չվաւերացնէ Դեկտեմբեր 5-ի ատենագրութիւնը եւ խնդրոյ առարկայ պիտի դարձնէ այն ամէն ինչը, որ տեղի ունեցած է այս խորհուրդին հետ, անոր անվաւեր ընտրութենէն ի վեր:
Մեծապէս կը ցաւիմ մեր կանոնադրութեան չյարգուելուն եւ յաջորդած խառնաշփոթին համար, որոնց առաջին պատասխանատուն ես եմ»։
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Փարիզի Ծխական խորհուրդի նախկին նախագահ ■