Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նենսի Փելոզի Երեւան ժամանած է

Սեպտեմբեր 17-ին, ազերպայճանական վերջին յարձակումէն ետք առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի՝ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզի: Վերջինիս պատուիրակութեան մաս կը կազմեն գոնկրէսական Ֆրանք Փալոն (Ներկայացուցիչներու պալատի ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնաժողովի նախագահ), գոնկրէսականներ՝ Աննա Էշու եւ Ժաքի Սփիռ։

ԱՄՆ-ու դեսպանուհին եւ Ազգային ժողովի նախագահը օդակայանին մէջ դիմաւորած են հիւրերը։

Փելոսիի երկօրեայ այցի ընթացքին նախատեսուած էին պաշտօնական հանդիպումներ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Պատուիրակները տեսակցութիւններ կ՚ունենան նաեւ լրասփիւռներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։

Նշենք, որ Փելոզիի ժամանումին առթիւ, «Սասնայ ծռեր» համահայկական կուսակցութեան եւ շարք մը քաղաքական-հասարակական գործիչներու կողմէ հիմնուած  «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» կազմակերպութիւնը ողջոյնի հաւաքի մը նախաձեռնած էր Երեւանի մէջ։ Այս առթիւ հրապարակուած կոչին մէջ, ի միջի այլոց կ՚ըսուէր.- «Միացէ՛ք, մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք ԱՄՆ-ին՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի կողքին լինելու եւ այս դժուարին օրերին Ադրբեջանի յարձակումը կանգնեցնելու համար»։