Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Լա Հէյի մէջ Բողոքի ցոյց՝ յաջակցութիւն Արցախի

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն տարբեր երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել՝ Արցախահայերուն ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու համար։

Յուլիս 2-ին, Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած է իր յաջորդական ցոյցը։ 

Մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք, որպէսզի ամէն ոք հասկնայ, որ Արցախահայերը ինքնորոշման իրաւունք ունին եւ ո՛չ ոք լիազօրուած է խախտելու զայն”,ըսած են բողոքող երիտասարդները։