Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նետերլանտներու խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է բանաձեւ մը՝ Լաչինի միջանցքի խափանման վերաբերեալ

Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 13-ին, երկրին խորհրդարանը ընդունած է «Քաղաքական բարեփոխուած կուսակցութիւն», «Քրիստոնէական միութիւն», «Գիւղացի-քաղաքացի շարժում» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւններու խմբակցութիւններու կողմէ ներկայացուած դիմումը, որ կը վերաբերի Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումին: Խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է այս կապակցութեամբ բանաձեւ մը։

Դիմումին մէջ նշուած է, թէ հակառակ 2020 Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութիւններուն, Ազերպայճան փակած է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող Լաչինի միջանցքը եւ դադրեցուցած Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ «ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր եւ թէ այս իրավիճակը կը սպառնայ ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ կացութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար»: Բացի ատկէ, կառավարութեան կոչ յղուած է յորդորելու Եւրոպական խորհուրդը, որպէսզի դիմելով Ազերպայճանին՝ անկէ պահանջէ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ եւ բանալ միջանցքը։

«Մենք կ՚ակնկալենք կառավարութեան արագ գործողութիւնները՝ վերջ դնելու Ալիեւի դաժան բռնապետութեան կողմէ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, մասնաւորապէս՝ միջանցքի ապաշրջափակման եւ շրջափակումը չկրկնելու համար միջազգային երաշխիքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ դէպի Ստեփանակերտ օդային փոխադրումներ կազմակերպելու միջոցով»,– նշուած է Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։