Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՍ. Նորաստեղծ «ԱԶԱԹ» թատերախումբը ներկայացուցած է  Արտաւազդ Պէզիրճեանի «Ղուկասին կինը»

Նորաստեղծ ԱԶԱԹ թատերախումբը Ուրբաթ, Մարտ 25-ի երեկոյեան, Նիսի «Ֆրանսիս Կակ» ծայրէ-ծայր լեցուն թատերասրահին մէջ ներկայացուցած է պոլսահայ Արտաւազդ Պէզիրճեանի «Ղուկասին կինը» (1973) թատերգութիւնը, հայերէնով, Պերթա Պասդաճի Կիւվէնի բեմադրութեամբ։ 

Այս թատերախումբը ստեղծուած է պոլսահայ թատերական ծանօթ գործիչներու շառաւիղ, նոյնինքն Պերթա Պասդաճի Կիւվէնի կողմէ։ Ան, Յակոբ Այվազի գործընկեր, պոլսահայ ծանօթ դերասան Զարեհ Արշակեանի թոռնուհին է։ Ան իր մեծհօրը նման սիրահարած է թատրոնի, առաջին դերը ստանձնած է 19 տարեկանին, Նիս։ Պերթա որոշած է Զարեհ Արշակեանի մահուան 50-րդ տարելիցին հիմնել թատրոնի միութիւն մը եւ ներկայացնել մայրենիով թատերախաղ մը, որ յանգած է այսօրուան արդիւնքին։ Ան նախ հիմնած է իր մեծհօր ու մօր անունով թատերախումբը, զայն կոչելով «ԱԶԱԹ, Ազնիւ Զարեհ Արշակեան Թատրոն», յետոյ մէկ առ մէկ հրաւիրած է իր բարեկամները, որ դեր ստանձնելով՝ ձեռք տան իրեն, այս իմաստալից նախաձեռնութեան մէջ։ Անոնք սկսած են փորձերը Համաճարակի օրերուն, համացանցով։ Ամիսներ ետք, վերջապէս քով-քովի գալով շարունակած են աշխատանքը ու գլուխ հանած այսօրուան այս ողջունելի գործը։

«Ղուկասին կինը» ներկայացման մէջ դերեր ստանձած են Ալիոնա Եուսուֆեան, Զատ Շամի, Թենի Պաղտասար, Մարալ Պետրոսեան, Արաքս Օհանեան, Պերթա Պասդաճի Կիւվէն, Արեգ Բունիաթեան եւ Լոռիս Ալման։ 

Կը շնորհաւորենք «ԱԶԱԹ»-ի անդամները եւ յա՛տկապէս անոր հիմնադիր Պերթա Կիւվէնը, ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ՝ իրենց հայանպաստ գործունէութեան համար։ ■