Յունիս 22-ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը: Ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հիմնադրման տօնն է։
Օրուան առիթով Միածնաէջ Մայր տաճարին մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեան։
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի տարբեր կառոյցներուն մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբանական համագումարի մասնակիցները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւններուն միաբանները, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները, Հայ եկեղեցւոյ բարերարները, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ:
Տօնին առիթով հաւատացեալներուն օրհնութեան, մխիթարութեան եւ երկրպագութեան համար դուրս բերուած էին նաեւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող Տիրոջ Կենաց փայտի մասունքը, Աստուածամուխ Սուրբ գեղարդը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի մասունքը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը, Սկեւռայի մասանց պահարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն մասունքարանը:
Պատարագի աւարտին Մայր տաճարի զանգակատան առջեւ կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մաղթանքը: Ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը եւ եկեղեցականաց դասը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ յաւէտ պայծառութեան համար։
Այնուհետեւ Վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը յղեց հաւատաւոր ժողովուրդին, յատկապէս ընդգծելով հետեւեալը.
«Սուրբ Էջմիածինը՝ հաւատարիմ հոգեփրկչական եւ ազգի ու պետականութեան զօրացման իր պատմական առաքելութեանը, հետեւողականօրէն շարունակելու է պաշտպանել ազգային շահերն ու իրաւունքները, անխաթար պահել մեր ժողովրդի միաբանութիւնը եւ համախմբել համայն հայութիւնը՝ արիութեամբ դիմագրաւելու ազգային ու հայրենական կեանքի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։
(…)
Միասնական աղօթքով հայցենք հաւատքի մեր Հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Սուրբ Տրդատ թագաւորի բարեխօսութիւնը, որ Տիրոջ խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհում, ապահով ու անխռով լինեն մեր հայրենիքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը՝ միշտ առաջնորդուելով Սուրբ Էջմիածնից ճառագող աստուածապարգեւ հաւատքով ու յոյսով։ Աղօթենք արցախցի մեր քոյրերի ու եղբայրների համար` զօրակից լինելով նրանց նեղութիւնների ու դժուարութիւնների յաղթահարման գործում։ Աղօթենք Ադրբեջանի կողմից գերեվարուած մեր զաւակների ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ մեր երկրում յանիրաւի կալանաւորուած մեծանուն բարերար տիար Սամուէլ Կարապետեանի ազատութեան համար։ Խնդրենք Ամենակալից, որ Իր Սուրբ Աջի պահպանութիւնն ու հովանին եւ քրիստոսադրոշմ Սուրբ Էջմիածնի առատ օրհնութիւնները միշտ տարածեալ լինեն մեր ազգի եւ հայոց աշխարհի վրայ»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։