Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաթափութեան.– «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնէ հայերու դէմ Ազերպայճանի անմարդկային արարքներուն վրայ»

Լիբանանահայ Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան թուիթըրեան իր գրառումով հաղորդած է, թէ Բերձորի միջանցքի փակման առնչութեամբ հարկաւոր է գործողութիւններու ձեռնարկել:

«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնէ հայերու դէմ Ազերպայճանի կառավարութեան անմարդկային արարքներուն վրայ: Շատեր քննադատած են շրջափակումը, սակայն հարկաւոր է գործողութիւններու ձեռնարկել»,– նշած է ան, իր  գրառումին կցելով CNN-ի հրապարակած յօդուածը՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետևանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան մասին: